Մոսկուայի արհմիութիւններու տան մէջ հրաժեշտ կու տան ԽՍՀՄ նախկին նախագահ Միխայիլ Կորպաչովին։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՌԻԱ Նովոստին:
ԶԼՄ-ներու ներկայացուցիչներու մէկ մասը չեն կրցած ներկայ գտնուիլ արարողութեան. շատերու, այդ շարքին ՝ արտասահմանեան եւ դաշնային խոշոր պարբերականներու ներկայացուցիչներու անունները չեն եղած հաւատարմագրման ցուցակներու մէջ, մինչդեռ բոլոր լրագրողները իրենց անձնագրային տուեալները, press-քարտերու պատճէններն ու լուսանկարները նախապէս ուղարկած են հրաժեշտի արարողութեան կազմակերպիչներուն: Այն լրագրողները, որոնց անունները չեն եղած ցուցակներուն մէջ, մնացած են փողոցը։
Արարողութեան մեկնարկի պահուն փողոցը կանգնած լրագրողներուն ըսած են, որ լրացուցիչ հաւատարմագրային ցուցակներ չեն կազմուած, եւ առաջարկած են, որ իրենք որոշեն՝ շարունակեն սպասել, թէ հեռանան։
Հրաժեշտի արարողութենէն ետք Կորպաչովը պիտի յուղարկաւորեն Նովոտեւիչիէ գերեզմանատան մէջ:
ԽՍՀՄ առաջին եւ վերջին նախագահ Միխայիլ Գորբաչով մահացած է 30 օգոստոսին։ Ան 91 տարեկան էր: