Թուրքիոյ, ԱՄՆ-ի եւ Ուքրանիոյ պատուիրակութիւններու միջեւ եռակողմ բանակցութիւններն աւարտած են Իսթանպուլի մէջ: Ատոնք տեւած են աւելի քան մէկ ժամ:
ԱՄՆ պատուիրակութեան կազմին մէջ եղած են արտաքին գործոց նախարար Ռուպիոն եւ յատուկ դեսպանորդ Քելոկը, ինչպէս նաեւ դեսպան Պարաքը, իսկ ուքրանական պատուիրակութեան կազմին մէջ եղած են Զելենսքիի գրասենեակի ղեկավար Երմաքը, պաշտպանութեան նախարար Ումերովը եւ արտաքին գործոց նախարար Սիպիկան։