Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունած է Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի պատուիրակութիւնը` արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ֆուաթ Օքթայի գլխաւորութեամբ։
Ինչպէս հաղորդած է АПА-ն, կողմերը հաստատած են, որ յարաբերութիւնները կը զարգանան «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» սկզբունքով։
Ֆուաթ Օքթայն «ընդգծած է Թուրքիոյ լուրջ մտահոգութիւնը Հայաստանի մէջ «Նեմեսիս» յուշարձանի տեղադրման կապակցութեամբ»։
Ան նշած է նաեւ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համագործակցութեան հարցերը ուժանիւթի, կրթական, ռազմական, ռազմատեխնիկական, պաշտպանական եւ այլ ոլորտներու մէջ։
Ալիեւ, անդրադառնալով Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ռազմական, ռազմատեխնիկական ոլորտու մէջ համագործակցութեան զարգացման, նշած է, որ նախագահ Էրտողանի մասնակցութիւնը Պաքուի մէջ ռազմաօդային ուժերու նոր կեդրոնական հրամանատարական կէտի բացման «ռազմական ոլորտի մէջ մեր երկիրներու համագործակցութեան զարգացման եւս մէկ օրինակ է»։ Ալիեւն իր հերթին եւս մէկ անգամ նշած է, որ «Նեմեսիս» յուշարձանի տեղադրումը Հայաստանի մէջ անընդունելի է»։
Հանդիպման միտքերու փոխանակութիւն տեղի ունեցած է նաեւ Միջին միջանցքի, ուժանիւթի, որպէս դրական կէտեր նշուած են Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ կնքուած արտօնեալ առեւտուրի համաձայնագրի շնորհիւ տնտեսական եւ առեւտրային կապերու հետագայ ընդլայնումը, ինչպէս նաեւ առեւտրաշրջանառութեան աճը՝ մինչեւ 6 միլիառ տոլար, յայտնած են լրատուամիջոցները։