Միւնիխի մէջ ինքնաշարժը մխրճուած է ամբոխի մէջ, կան վիրաvորներ. այս մասին X-ի էջին յայտնած է քաղաքի ոստիկանութիւնը։
«Դէպքի վայրին մէջ մեքենան մխրճուած է խումբ մը մարդոց մէջ»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։ Bild թերթի տուեալներով՝ տուժած է առնուազն 15 մարդ։ Դատելով դէպքի վայրէն ընկերային ցանցերու մէջ հրապարակուած նկարներէն՝ վարորդը վարած է Mini Cooper մեքենայ։
Bayerischer Rundfunk մետիա ընկերութիւնը յայտնած է, որ մեքենան մխրճուած է Verdi արհմիութեան կողմէ կազմակերպուած գործադուլի մասնակիցներու մէջ։ Ականատեսներէն մէկը պատմած է, որ մեքենան միտումնաւոր մխրճուած է ամբոխի մէջ։ Միւս ականատեսները ըսած են, որ ոստիկանները կրակած են վարորդի վրայ: Իր հերթին ոստիկանութիւնը յայտնած է, որ վարորդը ողջ է եւ բերման ենթարկուած է։