Պաշտպանութեան նախարարութեան զօրամասերէն մէկու ճաշարանին մէջ հրդեհ բռնկած է, որ արդէն մարած է։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։
«Տուժածներ չկան: Հրդեհի բռնկման հանգամանքները, ինչպէս նաեւ նիւթական վնասի չափը ճշդւում են»,– ասված է հաղորդագրությունում:
Ըստ Armlur–ի` զօրամասը կը գտնուի Գեղարքունիքի մարզին մէջ։ Լրատուամիջոցը գրած է, որ ճաշարանը հին էր, եւ դէպքէն խուսափիլ հնարաւոր չէր։
ՊՆ–ն յայտնած է, որ այս պնդումը չի համապատասխաներ իրականութեան. ճաշարանը վերանորոգուած էր եւ նոր գոյքով համալրուած նախորդ տարի՝ 2024 թուականին: