image

Իսրայէլը չէ, որ ստիպած է մեզի յարձակիլ Իրանի վրայ, այլ ընդհակառակը.Թրամփ

Իսրայէլը չէ, որ ստիպած է մեզի յարձակիլ Իրանի վրայ, այլ ընդհակառակը.Թրամփ

 

Իրանը չունի նաւատորմ, չունի ռազմաօդային ուժեր, օդային պաշտպանութեան համակարգ, անոնց ռատարները անջատուած են։ Ամէն ինչ շարքէն դուրս եկած է,- յայտարարած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը։

 

«Իսրայէլը զիս չստիպեց Իրանի վրայ յարձակիլ։ Թերեւս ես զիրենք ստիպեցի այդ ընել»,- լրագրողներուն ըսած է Թրամփը։

Ան նշած է, որ կը պատրաստուին խզելու Սպանիոյ հետ բոլոր կապերը։

«Մենք չենք ուզեր որեւէ կապ ունենալ Սպանիոյ հետ։ Սպանիան մեզի ըսաւ, որ չենք կրնար օգտագործել իրենց ռազմակայանները, եւ այդ բնական է, մեմք պէտք չունինք ատոնց։ Եթէ ուզենք, կրնանք պարզապէս թռիլ եւ օգտագործել զանոնք։ Ոչ ոք մեզի պիտի ըսէ, որ չօգտագործենք զանոնք»,- նշած է ան։