image
Հրատապ լուրեր:

Մաքրոն միջուկային «Շառլ տը Կոլ» օդանաւակիրն ուղարկած է Միջերկրական ծով

Մաքրոն միջուկային «Շառլ տը Կոլ» օդանաւակիրն ուղարկած է Միջերկրական ծով

Ֆրանսան իր «Շառլ տը Կոլ» օդանաւակիր նաւը կ՚ուղարկէ Միջերկրական ծով՝ նպաստելու ծովային երթեւեկութեան ապահովման, որ վտանգուած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ սրող ճգնաժամի պատճառով։ Այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը։

«Մենք ունինք տնտեսական շահեր, զորս պէտք է պաշտպանենք, որովհետեւ այս պատերազմը խորապէս կը խաթարէ նաւթի եւ կազի գիները, ինչպէս նաեւ միջազգային առեւտուրի իրավիճակը»,– ըսած է Մաքրոն։

Նախագահ Մաքրոն նշած է, որ Ֆրանսան նաեւ ռազմանաւ (ֆրեկաթ) ուղարկած է Կիպրոս եւ անօդաչու թռչող սարքեր խոցած է Պարսից ծոցի իր դաշնակիցներու օդային տարածքին մէջ։

Մաքրոն նշած է, որ Ֆրանսան պաշտպանական պարտաւորութիւններ ունի Քաթարի, Քուէյթի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նկատմամբ, որոնք թիրախ դարձած են։

Նախագահին խօսքով՝ Իրան կը կրէ կացութեան հիմնական պատասխանատուութիւնը, սակայն միեւնոյն ժամանակ ան քննադատած է Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի գործողութիւնները՝ նշելով, որ անոնք իրականացուած են միջազգային իրաւունքի խախտմամբ, որ Ֆրանսան չի կրնար հաւանութեան արժանացնել։

Զուգահեռաբար կը շարունակուի տարածաշրջանէն Ֆրանսայի քաղաքացիներու տարհանումը, եւ երկրի կարեւոր կառոյցներուն մէջ անվտանգութեան միջոցառումները ուժեղացուած են։