Վերջերս դիմատետրի վրայ տարօրինակ ու զարմացնող հարցում մը տեղադրուած էր: Հարցումը տեղադրողը անփափկանկատ ու սահմանափակ մտածողութեան տէր անձ մը ըլլալու էր, իսկ հարցումին տակ մեկնաբանութիւններ գրողները՝ նոյնքան եւ աւելի տգէտ անհատներ:
Հարցումը հետեւեալն էր. «Աղի բլիթ ուտելը Երեսունեօթ տարեկան աղջկան կ՚օգնէ՞»: Վստահ եմ ձեզմէ շատերը տեղեակ են, որ ըստ աւանդութեան Ս. Սարգիսի տօնի նախօրեակին ամուրի օրիորդները, կամ երիտասարդները աղի բլիթ կ՚ուտէին, որպէսզի իրենց երազին մէջ ապագայ փեսացուն կամ հարսնացուն յայտնուէր:
Դժբախտաբար այս հարցումը տեղադրողը երեսունեօթ տարեկան աղջկան, որպէս «տունը մնացած» ու «անյոյս պարագայ» կը ներկայացնէր, որուն համար նոյնիսկ աղի բլիթ ուտելը անօգուտ կը սեպէր: Մեկնաբանութիւններուն մէջ խումբ մը տղամարդիկ իրենք իրենց թոյլատրած էին՝ ծաղրելու ու «ձեռ առնելու» ամուրի օրիորդը իրենց տհաճ ու նուաստացնող արտայայտութիւններով: Սակայն աւելի ցաւալին ու ընդվզեցնողը այն էր, որ շարան մը անգութ կանայք իրենց աժան ու հեգնող խօսքերով յարձակած էին (ըստ իրենց) թառամած, անբախտ, անյոյս... օրիորդին վրայ:
«Յարգելի» ամուսնացեալ կանայք, արդեօք պահ մը մտածեցի՞ք, թէ երեսունեօթ տարեկան օրիորդը կրնար ձեզմէ շա՜տ աւելի իմաստուն, զարգացած, տաղանդաւոր, գեղեցիկ եւ բարոյական արժանիքներու տէր ըլլալ, բայց իրեն արժանի տղամարդուն չէր հանդիպած եւ կամ չէր ամուսնացած պարզապէս ձեզմէ ոմանց նման «տունը մնացացածի» պիտակը չկրելու համար: Պահ մը փորձեցի՞ք կռահել, որ ան գուցէ իր ուսերուն վրայ շալկած էր ծնողաց հոգալու պարտաւորութիւնը եւ կամ օրիորդը համակրած, հաւատացած ու սպասած էր երիտասարդի մը եւ ան թերացած էր իր խոստումը յարգելու: Չմոռնանք հաշուի առնել ծնողներու դժուարահաճութիւնը եւ սիրող զոյգին միացման արգելք հանդիսանալու հաւանականութիւնը: Պարտաւոր ենք նաեւ յարգել կարեւորագոյն հանգամանքը՝ օրիորդին ինքնակերտումի, զարգացումի եւ որեւէ ասպարէզի նուիրուելու որոշումը:
Իրականութեան մէջ ես սխալ կ՚ընեմ այս հաւանական վարկածները, կամ պարագաները նշելով: Ոեւէ մէկս իրաւունք չունի հարց տալու, պեղելու, կամ դատելու իգականի մը ընկերային վիճակը ( social status): Հաստատ իմանալով, որ անոր արժէքը ո՛չ կ՚աւելնայ եւ ո՛չ ալ կը պակսի իր ամուսնացած, կամ ամուրի ըլլալովը: Ան ամբողջական անհատ է՝ ըլլայ միայնակ կամ կողակիցի հետ, եւ յարգանքի արժանի՝ ըստ իր արժանիքներուն:
Ես կը ցաւիմ, որ մեր հանրութեան մօտ ձեւաւորուած կարծիքը ամուրի օրիորդին հանդէպ այսքան անգութ է: Վստահ եմ, որ ծաղրական մեկնաբանութիւններ գրող կանանց մէջ, կան շատե՜ր, որոնք դժգոհ են իրենց ամուսնական կեանքէն եւ անհամերաշխ ու վատառողջ մթնոլորտի մէջ կ՚անցընեն իրենց օրերը: Վերջապէս ամուսնացած կին ըլլալը՝ դափնեպսակ մը կրել չէ...:
Հոս կ՚արժէ նշել, որ յաջող ամուսնութիւն կնքելը, առաքինի կողակիցին հանդիպիլը՝ օրհնութիւն է, բայց չըլլալու պարագային «ողբերգութիւն» մը չէ: Մէկ խօսքով ամուսնութիւնը՝ կեանքը իմաստաւորող միակ ու բացարձակ նպատակը չէ:
Ամենայնդէպս, աղի, կամ քաղցր բլիթ ուտողներ, ամուսնացածներ, կամ ամուրիներ, ձեր «բերանի համը» չկորսնցնէ՛ք: Որեւէ հարցի շուրջ արդար դատողութիւն կատարեցէ՛ք եւ ձեր խօսքերը նախքան արտասանելը լա՛ւ կշռեցէ՛՛ք։