image
Հրատապ լուրեր:

«Միտումները լուրջ են». Իրան մեկնաբանած է Սուրիա-Թուրքիա շփումները

«Միտումները լուրջ են». Իրան մեկնաբանած է  Սուրիա-Թուրքիա շփումները

Անգարան եւ Դամասկոսը կը ձգտին վերականգնել երկկողմ կապերը։ Ինչպէս յայտնած է «ՌԻԱ Նովոստի»ն, այս յայտարարութիւնն ըրած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի աւագ օգնական Ալի Ասկար Հաճին։

«Կը կարծեմ, որ երկու կողմն ալ յարաբերութիւնները վերականգնելու լուրջ մտադրութիւն ունի։ Շարք մը հարցեր կան, ատոնք բարդ խնդիրներ են։ Սակայն մենք քաղաքական վճռականութիւն ունինք... Ի հարկէ, մեր թուրք բարեկամներն ըսած են, որ իրենք կը յարգեն Սուրիոյ ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու միասնութիւնը»,– յայտարարած է դիւանագէտը սուրիական ճգնաժամի կարգաւորման շուրջ Աստանայի ձեւաչափով բանակցութիւններու 20-րդ փուլէն ետք։

Դիւանագէտը աւելցուցած է, որ նախորդ շաբաթ Դամասկոս այցելած է, ուր թուրք–սուրիական յարաբերութիւններու խնդրայարոյց կէտերուն վերաբերող հարցեր քննարկած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ։

Հիմնական վիճայարոյց պահերու շարքին դիւանագէտը նշած է Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սահմանին անվտանգութեան ապահովումը, ահաբեկչութիւնը, սուրիացի փախստականներու վերադարձը, Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ ռազմական ներկայութիւնը։