Նիւ Եորք աշխատանքային այցի շրջածիրէն ներս ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ, ՄԱԿ-ի Եւրոպական տնտեսական յանձնաժողովի գործադիր քարտուղար Թաթեանա Մոլչանի հետ: Այս մասին յայտնած են ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութենէն։
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի եւ ՄԱԿ կառոյցներու, այդ շարքին՝ ՄԱԿ Եւրոպական տնտեսական յանձնաժողովի հետ համատեղ ծրագրերու իրականացանն առնչուող հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի կողմէ Կայուն զարգացման նպատակներու արդիւնաւէտ իրականացման ընթացքին, ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարի կողմէ ներկայացուած երրորդ կամաւոր ազգային զեկոյցին։
Միտքեր փոխանակուած են «2030թ. օրակարգի» նպատակներուն հասնելու ուղղութեամբ ՄԱԿ-ի Եւրոպական տնտեսական յանձնաժողովի հետ համագործակցութեան հնարաւորութիւններու շուրջ, այդ շարքին՝ փոխադրային ենթակառուցուածքներու, վերականգնուող ուժանիւթի, կանաչ տնտեսութեան, շրջակայ միջավայրի, ճանապարհային անվտանգութեան ապահովման բնագաւառներու մէջ:
Արարատ Միրզոյեան եւ Թաթեանա Մոլչան քննարկած են նաեւ բազմակողմ հարթակներու վրայ, այդ շարքին՝ Դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկիրներու խումբի շրջածիրէն ներս, փոխգործակցութեան առաջնահերթութիւնները։
ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուցած է նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգային իրավիճակի շուրջ վերջին զարգացումները։