image

Միրզոյեան եւ Պայրամով հանդիպած են Անթալիոյ մէջ. պատրաստակամութիւն յայտնուած է շարունակելու երկխօսութիւնը

Միրզոյեան եւ Պայրամով հանդիպած են Անթալիոյ մէջ. պատրաստակամութիւն յայտնուած է շարունակելու երկխօսութիւնը

Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումի շրջածիրէն ներս տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը:

Այս մասին յայտնած են ՀՀ ԱԳ նախարարութենէն:

Հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է, որ կողմերը քննարկած են «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին» համաձայնագրի բնագրի վերջնականացումէն ետք կարգաւորման գործընթացին մէջ ներկայ իրավիճակը։

Նախարարները վերահաստատած են երկխօսութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը։

Հանդիպման մասին համանման հաղորդագրութիւն տարածած է նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: