Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած պարտադիր խորհրդակցութիւններու արդիւնքով Լիբանանի գործող վարչապետ Նաժիպ Միքաթի դարձեալ նշանակուեցաւ վարչապետ։
Այս մասին լուրը կը հաղորդեն լիբանանեան լրասփիւռներ, որոնք նաեւ փոխանցեցին, որ Միքաթի ստացաւ 54 քուէ եւ այդպիսով ալ ան կոչուած է կազմելու նոր կառավարութիւն։
Նշենք նաեւ, որ Լիբանանի խորհրդարանի «Հայկական երեսփոխանական պլոք»ը գլխաւորութեամբ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի իր երեք քուէները տուաւ Նաժիպ Միքաթիին։
Յիշեցնենք, որ նոր կազմուելիք կառավարութիւնը պիտի ըլլայ կարեւոր անցման փուլի մը կառավարութիւն, որ նաեւ պիտի գործէ նոր նախագահի ընտրութեան փուլին, որ նախատեսուած է ամենաուշը ընթացիկ տարուան աշնան շրջանին։