ԱՄՆ վարչակազմը կը պնդէ, որ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խումբի մեքանիզմն այլեւս չի գործեր, եւ Ուաշինկթըն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ կարգաւորմամբ կը զբաղի միայն Պաքուի եւ Երեւանի հետ անմիջական փոխգործակցութեան միջոցով, հաղորդած է ԹԱՍՍ-ը։
«Կը կարծեմ՝ այն զարգացած է մինչեւ այն կէտը, որ մենք կրնանք համաձայնութեան հաշուոյն վերջ դնել այս մանթատին»,- չորեքշաբթի խումբի մասին ըսած է Կովկասի մէջ բանակցութիւններու գծով ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի խորհրդական, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ Ֆիլիփ Ռիքըր: «Այնուամենայնիւ, մանթատը ինքնին բաւականին օգտակար է։ Թէեւ Մինսքի խումբի համանախագահներու միջեւ փոխգործակցութիւնը այլեւս չի գործեր։ Եւ մենք անմիջականօրէն կը մասնակցինք [հակամարտութեան կողմերու] անոնց հետ խաղաղ գործընթացին»,- ըսած է դիւանագէտը՝ ելոյթ ունենալով ԱՄՆ Սենատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին՝ լսումներու ժամանակ։
ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներն են Ռուսիան, ԱՄՆ-ն եւ Ֆրանսան։ Ուաշինկթըն եւ Փարիզ դադրեցուցած են բոլոր շփումները Մոսկուայի հետ՝ «եռեակի» շրջածիրէն ներս այն բանէն ետք, երբ Ռուսաստան յատուկ ռազմական գործողութիւն սկսած է Ուքրանիոյ մէջ:
«Մինսքի խումբը, ինչպիսին այն յայտնի էր, չի գործեր։ Մանթատը կը պահպանուի։ Մանթատի նպատակը, ի հարկէ, կը պահպանուի։ Իսկ ԵԱՀԿ-ը կը գործէ համաձայնութեան հիման վրայ։ Ես պիտի շարունակեմ շատ սերտ կապի մէջ մնալ իմ ֆրանսացի գործընկերոջ, ԵՄ-ի հետ, որ այժմ այնքան [խոր] ներգրաւուած է տարածաշրջանին մէջ, այլ շահագրգիռ կողմերու, եւ ԵԱՀԿ-ի հետ»,-ըսած է Ռիքըր: «Ատրպէյճանն ուղղակի յայտարարած է, որ այլեւս գործ պիտի չունենայ Մինսքի խումբի հետ»,- աւելցուցած է ան։
Մինչդեռ լսումներուն մասնակցած սենատոր Պենճամին Քարտին (Մերիլենտէն դեմոկրատ) ԱՄՆ-ն յորդորած է հասնիլ Մինսքի խումբի վերացման: Բացի այդ, ան պնդած է, որ խումբը իրենց նպատակներու համար կ'օգտագործեն այն կողմերը, որոնք «չեն ուզեր առաջ շարժիլ դէպի խաղաղութիւն»: