image
Հրատապ լուրեր:

Մինչեւ յաջորդ տարուան ապրիլ Ծիծեռնակաբերդի մէջ վերանորոգման աշխատանքները պիտի աւարտին․ Ժաննա Անդրէասեան

Մինչեւ յաջորդ տարուան ապրիլ Ծիծեռնակաբերդի մէջ վերանորոգման աշխատանքները պիտի աւարտին․ Ժաննա Անդրէասեան

Ինչ կը վերաբերի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի մէջ կատարուող աշխատանքներուն, ատոնք լիովին կը վերահսկուին մասնագէտներու կողմէ։ Որեւէ մեր քաղաքացի, որ կը հետաքրքրուի, մտահոգ է, կ՚ուզէ ներկայ ըլլալ այնտեղ, ես կը հրաւիրեմ, կրնան նոյնիսկ իմ հետ գալ այցի եւ ներկայ ըլլալ բոլոր այն մասնագիտական քննարկումներուն, որոնք որ մենք տեղւոյն մէջ կ՚ունենանք ամէն անգամ նաեւ խօսելով այդ բոլոր կառոյցներու ներգրաւուածութեամբ։ Այս մասին Ազգային Ժողովէն ներս 2026 թուականի պետական պիւտճէի նախնական քննարկման ժամաանակ ըսած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեանը:

Ան  նշած է, որ «Կատարուող վերականգնումը տեխնոլոգիական առումով նորութիւն չէ։ Նոյն մեթոդը կիրառուել է նաեւ 2015 թուականին։ Իւրաքանչիւր քայլ անցնում է գիտամեթոդական խորհրդի հաստատումը», -ըսած է ան։

«Խնդրում եւ պահանջում եմ՝ դադարեցնել Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի շուրջ ապատեղեկատւութիւն տարածել»,- նշած է  Անդրէասեանը: Նախարարը վստահեցուցած է, որ բոլոր աշխատանքները կը կատարուին այնպէս, որ չխանգարեն այցելուները, եւ նախատեսուած աշխատանքները մինչեւ ապրիլ ամիսը պիտի աւարտին։

«Ծիծեռնակաբերդը մեզ համար կարեւորագոյն յուշահամալիր է, եւ այնտեղ ցանկացած մանր փոփոխութիւն անցնում է խիստ վերահսկողութիւն»,- նշած է ան: