image

Միջուկային գործարքի բանակցութիւններ. Իրան հրաժարած է պահանջներէն մէկէն

Միջուկային գործարքի բանակցութիւններ. Իրան հրաժարած է պահանջներէն մէկէն

Միջուկային գործարքի վերականգնման բանակցութիւններու ծիրէն ներս

Իրան հրաժարած է Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը ահաբեկչական ճանչցուած կազմակերպութիւններու ցուցակէն բացառելու պահանջէն:

Այս մասին յայտնած է CNN-ը՝ յղում ընելով ամերիկեան վարչակազմի բարձրաստիճան ներկայացուցիչին:

 

Աւելի վաղ Վիեննայի միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան մշտական ներկայացուցիչ Միխայիլ Ուլիանով յայտարարած էր, որ գործարքի վերականգնման շուրջ պայմանաւորուածութիւնը կրնայ ձեռք բերուիլ յառաջիկայ օրերուն:

Սպիտակ տան ներկայացուցիչի խօսքով՝ ԵՄ-ի կողմէ առաջարկուած միջուկային գործարքի համաձայնագրի նախագիծի վերաբերեալ իր պատրասխանին մէջ Իրան չէ պահանջած, որ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը բացառուի ԱՄՆ-ի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակէն: ԵՄ-ի մէջ պատասխանը որակած են կառուցողական եւ յայտարարած, որ պիտի խորհրդակցին ԱՄՆ-ի հետ հետագայ քայլերու վերաբերեալ: