Միացեալ Նահանգներու 36 քոնկրեսական, Տինա Թիթուսի եւ Քրիս Սմիթի գլխաւորութեամբ, կոչ ըրած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյին «Կլոպալ Մակնիթսքի»ի գործողութեան ծիրէն ներս պատժամիջոցներ սահմանելու ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու նկատմամբ եւ պահանջելու ազատ արձակել հայ ռազմագերիները եւ ԼՂ քաղաքական ղեկավարութիւնը:
Երկկուսակցական նամակին մէջ կոչ կատարուած է արտաքին գործոց նախարարութեան պատժամիջոցներ սահմանելու Ատրպէյճանի պաշտօնատար անձանց նկատմամբ, որոնք պատասխանատու են ԼՂ բնակչութեան դէմ մարդկային իրաւանց լուրջ խախտումներու եւ ռազմական յանցագործութիւններու համար:
Քոնկրեսականներն ընդգծած են, որ մինչ օրս Ատրպէճանը կը շարունակէ ապօրինաբար պահել Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման ընթացքին եւ անկէ յետոյ գերեվարուած առնուազն 23 հայ ռազմագերիներ: Ընդգծուած է նաեւ, որ անազատութեան մէջ պահուողները ենթարկուած են դաժան եւ արժանապատուութիւնը նուաստացնող վերաբերմունքի:
Անոնք նաեւ ընդգծած են Ատրպէյճանի անպատժելիութեան տարածաշրջանային հետեւանքները: