image

Միացեալ Նահանգներ Իրանին խնդրանք ներկայացուցած է

Միացեալ Նահանգներ Իրանին խնդրանք ներկայացուցած է

Միացեալ Նահանգներ   Իրանին կոչ ըրած է հրաժարելու Իսրայէլի վրայ հնարաւոր յարձակումէն եւ հաւատարիմ պիտի մնայ իսրայէլեան տարածքի պաշտպանութեան նման յարձակման պարագային։

Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քըրպի:

«Իրանին ուղղուած մեր ուղերձն անփոփոխ է եւ այդպէս ալ կը մնայ։ Մենք կոչ կ'ընենք չընելու այդ: Լարուածութիւնը մեծցնելու պատճառ չկայ։ Տարածաշրջանային պատերազմ սկսելու որեւէ պատճառ չկայ։

Եւ երկրորդ՝ մենք մտադիր ենք պատրաստուելու Իսրայէլի պաշտպանութեան, եթէ այդ անհրաժեշտ ըլլայ»,- յայտարարած է Քըրպի։

«Մենք կը կարծենք, որ անոնք պատրաստ են յարձակելու, եթէ ցանկան, այդ իսկ պատճառով մենք ամրապնդած ենք մեր դիրքերը տարածաշրջանին մէջ», - աւելցուցած է Սպիտակ տան խորհրդականը: