image

«Մեզի դէմ բաց պատերազմ յայտարարուած է». Լաւրով

«Մեզի դէմ բաց պատերազմ յայտարարուած է». Լաւրով

Մեզի դէմ բաց պատերազմ յայտարարուած է, այս մասին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։

Անոր խօսքով՝ Արեւմուտքի հետ համակեցութեան եւ համագործակցութեան հեռանկարները «անհետացած են»։

«Այստեղ որոշ «անկեղծ» տղաք, կը կարծեմ՝ Պելճիքայի կամ Գերմանիոյ գլխաւոր շտաբին մէջ, հրապարակաւ յայտարարած են, որ կը պատրաստուին պատերազմի Ռուսիոյ դէմ, իսկ Ուքրանիան կ՚օգնէ անոնց ժամանակ շահիլ։ Ինչպէս կ՚ըսեն՝ աւելի անկեղծ չէիր կրնար ըլլալ»,– նշած է ան։