Թուրքիոյ Պուրսա նահանգին մէջ խոշոր հրդեհ տեղի ունեցած է։ Կրակը կլանած է 10 գործարան, յայտնած են թրքական լրատուամիջոցները:
Հրդեհը սկիզբը բռնկած է մէկ ձեռնարկութեան մէջ, այնուհետեւ կրակը կլանած է հարեւանութեամբ գտնուող եւս ինը։ Այրած գործարանները կը զբաղին մետաղական իրերու եւ կահոյքի, կերպասեղէնի արտադրութեամբ։
Յայտնի է 4 տուժածի մասին։
