image

Մեծ հրդեհ Թուրքիոյ մէջ. Հրոյ Ճարակ դարձած են տասնեակ գործարաններ (Լուսանկար)

Մեծ հրդեհ Թուրքիոյ մէջ. Հրոյ Ճարակ  դարձած են տասնեակ գործարաններ (Լուսանկար)

Թուրքիոյ Պուրսա նահանգին մէջ խոշոր հրդեհ տեղի ունեցած է։ Կրակը կլանած է 10 գործարան, յայտնած են թրքական լրատուամիջոցները:

Հրդեհը սկիզբը բռնկած է մէկ ձեռնարկութեան մէջ, այնուհետեւ կրակը կլանած է հարեւանութեամբ գտնուող եւս ինը։  Այրած գործարանները կը զբաղին մետաղական իրերու եւ կահոյքի, կերպասեղէնի արտադրութեամբ։

Յայտնի է 4 տուժածի մասին։