Ահազանգ կրող նամակ մը ուղարկուած է ՀՀ ԱԻՆ-ի ելեկտրոնային հասցէին։
Այս մասին կը գրէ News.am- կայքը։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ պատկան մարմիններ ապահովական աշխատանքներ կ՚իրականացնէ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ, սակայն մինչեւ այս պահը տարհանում չէ իրականացուած։
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ ահազանգ հնչած է նաեւ կապուած Երեւանի Մեթրոյին, որ արդէն ժամերէ ի վեր կասեցուցած է իր գործունէութիւնը։
Պիտի շարունակենք հետեւիլ զարգացումներուն։