image

«Մեր հիմնական նպատակը ժողովուրդին կողքը ըլլալն է».AMAA-Արցախի կառոյցի ներկայացուցիչ՝ Վիքթոր Կարապետեան

«Մեր հիմնական նպատակը ժողովուրդին կողքը ըլլալն է».AMAA-Արցախի կառոյցի ներկայացուցիչ՝ Վիքթոր Կարապետեան

«Պայքար»ի հարցումներուն կը պատասխանէ AMAA-ի («Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան») Արցախի գրասենեակի ներկայացուցիչ՝ Վիքթոր Կարապետեան 

Պրն. Կարապետեան, գիտենք, որ բաւական բարդ փուլէ անցաք, սակայն ի ուրախութիւն մեզ, ԱՀԱԸ-ի Արցախի կառոյցը տակաւին կը շարունակէ գործել։ Ինչպէ՞ս կրցաք ոտքի եւ ուժեղ մնալ։ Ի՞նչ կը պատմէք Հայաստանի մէջ, AMAA Արցախի մարմնի գործունէութեան մասին։

Անշուշտ հեշտ չէր, դժուար էր։ Ներքուստ շատ անսովոր եւ խոցող զգացողութիւն կայ, որ տակաւին կը շարունակուի, բայց սա մեզ կերտեց եւ ուրիշ նկարագիր մը տուաւ, աւելի կոփելով։ Համոզումը եւ հաւատքը, որ Արցախը արժեւորուած է եւ սուրբ կը համարուի, քանի որ անոր հողին վրայէն սուրբեր քալած են, ուրիշ բան չի մնար, քան ստանձնել այս պատասխանատւութիւնը։ Ես որպէս Արցախցի եւ ժամանակաւորապէս Արցախէն հեռու, առանց բանաձեւելու կը զգամ այս պատասխանատւութիւնը, որ այն ինչ ի վերուստ մեզի շնորհուած է, պիտի վերականգնելու։ Ես պատասխանատու եմ ոչ թէ միայն իմ անձին նկատմամբ, այլ նաեւ՝ քոյրերուս եւ եղբայրներուս հանդէպ։ Մենք բացառիկ ազգ ենք եւ մենք մեզ, մեր պատմութեան եւ մեր ունեցածին պէտք է նայինք, եւ ոչ թէ ուրիշ ազգերու։ Մենք ունինք եզակի բան մը, որ զայն պէտք է պահել եւ սորվեցնել։ Չըլլանք այն սերունդը, որ կորած եւ կորսնցուցած նկատուինք։ Իբր AMAA, Աւետարանչական ընկերակցութիւնը այն առաջին կազմակերպութիւնն էր, որ առաջին պատերազմէն ետք Արցախ մուտք գործեց, եւ հաւատարիմ մնաց իր առաքելութեան մինչեւ վերջին օրն ու ռոպէն։ Բոլոր պատերազմներու ընթացքին մեր կազմակերպութիւնը շարունակեց իր առաքելութիւնը ի կատար ածել, ժողովուրդին կողքին մնալ եւ օգտակար ըլլալ, նոյնիսկ «պլոքատա»ի (պաշարման ժամանակ. Խմբ. Ս. Արեան) ժամանակ։ Կրցանք ժամանակին որոշ պարէնամթերք մէկդի դնել, ամբարել, եւ զայն բաժնեցինք առանց որեւէ խտրականութեան։ Ան որ կը խնդրէր, կու տայինք։ Նշեմ նաեւ որ մեր կրթական կառոյցները նոյնիսկ մէկ օր չփակեցինք։ 1 Յունիսին՝ «Երեխաներու օր»ը, ինչպէս նաեւ միւս օրերը քիչ մը անսովոր պահեցինք, որպէսզի նոյնիսկ այդ դժուարութեանց , անոնք զգան իրենց մանկութիւնը։ Երբ բռնի տեղահանութեան ենթարկուեցանք, այս անգամ Գորիսի մէջ մենք շարունակեցինք մեր առաքելութիւնը “revive” ծրագիրը մշակելով։ Հիմա ալ տակաւին կը շարունակուի այս ծրագիրն ու այլ ծրագիրներ։ 

 

Բաւական ծանօթ եմ “revive” հրաշալի ծրագրին։ Այսօրուան ձեր գործունէութեան ծիրը ի՞նչ է, ընթացքը դէպի ո՞ւր է։

“Revive” ծրագիրը կը տրամադրէ կեցութիւն եւ կենսապահովում, բնակարանային հարցի լուծում եւ աշխատանքի տրամադրում։ Սա “Revive”-ի գործունէութեան մէկ բաժինն է։ Մեր հիմնական նպատակը ժողովուրդին կողքը ըլլալն է։ Հոն, ուր Աւետարանչականը մեծ ներկայութիւն ունի, հոն ունինք կրթական կառոյցներ, ընկերային կեդրոններ, ճամբարային, երիտասարդական զարգացման կեդրոններ։ Այսինքն մեր նպատակն է ոչ միայն ընտանիքին օգնել մէկ մասով, այլ նաեւ տարբեր ձեւերով, թէ՛ փոքրերուն եւ թէ՛ մեծերուն։ Ամէնէն կարեւոր թիրախը, որուն փորձած ենք հասնիլ, ընտանիքներու հետ կարենալ համագործակցիլն է ծրագրի աւարտէն ետք, որպէսզի զանոնք հասցնենք որակեալ կեանքի եւ բարձր, արժանապատիւ զգացողութիւն եւ կենսակերպ ապահովենք անոնց, այն ինչ որ ունեցած են Արցախի մէջ։

 

Ինչպէ՞ս են արձագանգները։ Այդ աշխատանքը, որ կը կատարէք կը հունաւորուի՞։

Արցախի ժողովուրդը արարող, շէնցնող ժողովուրդ է։ Անոնք շնորհակալ են այն ամէն ինչին, որ տրամադրուեցաւ։ Այն ինչ որ ստացան, կը փորձեն կրկնապատկելով ե՛ւ ցոյց տալ, ե՛ւ վերադարձնել, եթէ կարիքը ըլլայ։ Անոնք պատրաստ են տրամադրուածը գործածելու, բազմացնելու, զարգացնելու ու նոյնիսկ՝ զարգանալու։ Բաց են թէ՛ կրթուելու, թէ՛ վերապատրաստուելու, թէ՛ աշխատելու։

 

Կ՚ուզէի նաեւ նշէք, թէ ո՞ր շրջանները թիրախաւորած էք։

Գեղարքունիք, Լոռի, Սիւնիք, Տաւուշ եւ Շիրակ։ Այս հինգ մարզերուն մէջ է, որ ծրագիրներ կ՚իրականցանենք։

 

Այսօր մեր վիճակը այնքան բարդ է, որ չեմ ուզեր ըսել, թէ Արցախի հանդէպ յոյսը, հաւատը կորսնցուցած ենք, այլ՝ փոխակերպուած է ամէն ինչ. փոխակերպուիլը դրական բառ է, բայց այս պարագային անոր շեշտերը ժխտական են։ Ու այդ բոլորին հետ մենք ալ շատ փոխուած ենք։ Ունինք շատ բարդ վիճակ, սակայն իրաւունք չունինք Արցախը թողուլ ինչպէս որ է։ Դուք ի՞նչ կը մտածէք, որպէս Արցախցի։ Ի՞նչ պէտք է ընենք, հաւաքապէս, որպէսզի օր մը՝ մօտ ապագային, դարձեալ վերադառնաք այնտեղ։

Ելլելով փորձառութենէն եւ ստեղծուած վիճակէն, վերլուծութիւնս հետեւեալն է՝ մենք մեր խնդիրները կրնանք վստահիլ եւ լուծել միայն մեր միջոցներով կամ մեզմով։ Պատմութեան բոլոր դրուագներուն նայելով տեսանք, որ հայուն միակ մխիթարողը հայը եղած է, հային օգնութեան հասնողը հայը եղած է, հայուն աջակցողը հայը եղած է, այսինքն՝ հայուն արցունքը սրբողը հայն է։ 1994 թուականի մեր յաղթանակը կերտուեցաւ այս եռամիասնութեան շնորհիւ՝ Արցախ, Հայաստան, Սփիւռք։ Շատ բան չունէինք, բայց ունէինք հաւատք դէպի Աստուած ու հաւատք՝ մէկս միւսի հանդէպ։ Կը հաւատայինք, որ մեր թիկունքը ամուր է, որովհետեւ «մեր եղբայրը» մեր կողքին է։ Այսօրուան մեր յայտնուած իրավիճակէն կրնանք ազատիլ վերցնելով պատասխանատւութիւն եւ որեւէ մէկուն չմեղադրելով, այլ մենք մեզմէ սկսելով։ Հարցը այն է, որ այն «մոտէլ»ը որ մինչեւ հիմա կար, թէ՛ Սփիւռքի հետ, թէ՛ մէկզմէկու հետ արդէն սպառած է։ Բայց բանէ մը պէտք է սկսինք։ Ես կը հաւատամ մեր ժողովուրդին եւ այս հաւատքը հիմք ունի, փաստեր ունի, պատմութիւն ունի, որուն մենք նայելով, դժբախտաբար կը խոցենք մեր նմանին։ Եթէ մեր ուշադրութիւնը սեւեռենք նպատակներու վրայ եւ մեր տեսիլքները գործի վերածենք, գաղափարները իրականութիւն դարձնենք, սա աւելի ճիշդ ձեւ է։ Մեր հիմնական գործը պէտք է ըլլայ՝ համախմբուիլը, իրար չմեղադրելը, իրար յարգելն ու սիրելը։ Պարզ բաներ կ՚ըսեմ, սակայն ասոնք կարծէք մեր մէջէն վերացած են կամ պակսած են։ Հիմա, մենք չենք կրնար քալել, եթէ մեր ոտքերը ամուր չեն։ Մենք մեզ պէտք է կարգաւորենք եւ յետոյ ընթանանք։ Պէտք է դարձեալ ուժով լեցուինք։ Այդ ուժը ստանալու համար, մենք պէտք ունինք մեր կողքինին։ Եթէ մեր հայ ժողովուրդը, մեր համայնքը կարգաւորուի, եթէ իրար աջակցիլն ու յարգելը, ընդունիլն ու սիրելը եւ իրար բարձրացնելը նորէն մեր մէջ կարեւորուին, այն ատեն կարողութիւնը կ՚ունենանք զարգանալու, առջեւ երթալու։ «Եթէ»ներու ժամանակը սպառած է, պէտք է գործի անցնիլ, պէտք է փորձել։ Ժամանակին, Արցախի նախագահական շէնքին վրայ դրած ենք մեր եռագոյնը, օր մը դարձեալ կը դնենք, այս հաւատքով ու համոզումով։

 

Աւետարանչականը հրաշալի ձեւով կը գործէ։ Ան այն քիչ կառոյցներէն է, որ ոչ միայն հասաւ Արցախի օգնութեան, այլ նաեւ կազմակերպեց Գանատա ձեր այցը։ Ինչպէս մենք, այնտեղ նոյնպէս, մեր հայրենակիցները Արցախի եւ արցախցի մեր հայրենակիցներու վիճակով կը տագնապին։ Ի՞նչ կրնաք պատմել Գանատայի ձեր ուղեւորութեան մասին։

Գրեթէ երկուքուկէս շաբաթ Գանատա էի եւ մէկ շաբաթ՝ Ամերիկա։ Տարբեր քաղաքներու մէջ հանդիպեցայ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ։ Հայ գաղութի հետ հանդիպելու նպատակն էր անոնց փոխանցելը, որ «Որպէսզի յոյսը ամօթով չմնայ եւ օգնութիւնը ժամանակէն չուշանայ, հիմա է պահը»։ Մենք իրենց կարիքը ունինք, ինչպէս որ իրենք՝ մեր։ Հոն տեսայ բան մը, որ իսկապէս արժեւորեց այս այցելութիւնը։ Անոնք տեսան, որ հայու պայքարող տեսակը դեռ կը շարունակուի, չէ կոտրած։ Սա զիրենք քաջալերեց։ Ես ալ տեսայ, թէ անոնց եռանդը սպառած չէ։ Ինչպէս մենք, անոնք եւս ունին ցաւեր եւ մտահոգութիւններ, բայց նոյնիսկ եթէ ծունկի եկած ենք, ապա սա լաւագոյն դիրքն է աղօթքի համար։ Այս վիճակով նոյնիսկ կոչուած ենք պայքարելու, խնդրելու, թարմանալու եւ վերականգնուելու։ Այդտեղ կար այն եռանդը եւ կը շարունակուէր, ինչպէս այստեղ։ Միայն կը մնայ միաբանութիւնը, եւ ինչպէս որ ըսի, փորձի փոխանակումները, իրար լրացնելը, մեր առջեւ եղած մարտահրաւէրները միասին յաղթահարելը։ Վստահ եմ, որ կը յաջողինք։ Մենք այլ տարբերակ չունինք։ 

 

 

Հարցազրոյցը՝ Սագօ Արեանի

Նիւթը՝ «Պայքար»էն