«Ուքրանիոյ եւրոպացի գործընկերները միասնական եւ յստակ դիրքորոշում ունին Ռուսիոյ կողմէ սանձազերծուած պատերազմի վերաբերեալ: Մենք Ուքրանիոյ կողքին ենք եւ ապագային պիտի աջակցինք Քիեւին ու պիտի ստանձնենք Եւրոպայի մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման ամբողջ պատասխանատւութիւնը»,-յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը՝ Եւրոպական Միութեան, ինչպէս նաեւ Գանատայի, Իսլանտայի եւ Նորվեկիոյ գործընկերներու հետ արտակարգ հանդիպումէն ետք։
Ան նշած է, որ Ֆրանսան իր գործընկերներու հետ կը կիսէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի դիրքորոշումը Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը դադրեցնելու վերաբերեալ։ Խաղաղութեան համար իրենց ջանքերուն մէջ եւրոպացի գործընկերները պիտի շարունակեն հաւատարիմ մնալ հետեւեալ սկզբունքներուն.
Ուքրանիան միշտ պէտք է ներառուի բանակցութիւններուն մէջ, եւ յարգուին անոր իրաւունքները, խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ տեւական եւ ուղեկցուի յուսալի երաշխիքներով, պէտք է հաշուի առնուին անվտանգութեան եւրոպական մտահոգութիւնները:
«Մենք համոզուած ենք, որ Եւրոպայի եւ մեր երկիրներէն իւրաքանչիւրի համար պէտք է աւելցնել պաշտպանութեան ու անվտանգութեան ծախսերը, զարգացնել կարողութիւնները: Որոշումը պիտի կայացուի յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն»,-յայտարարած է Մաքրօն։
Ֆրանսայի նախագահը հանդիպումը նախաձեռնած է, երբ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ հարցերով Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնաց Քիթ Քելոկը յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները Եւրոպան չի տեսներ ռուս-ուքրանական պատերազմին վերջ տալու համար բանակցութիւններու սեղանի շուրջ։