image

«Մենք շահագրգռուած ենք» Տոկաեւ կարեւորած է Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորումը

«Մենք շահագրգռուած ենք» Տոկաեւ կարեւորած է Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորումը

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) երեւանեան գագաթնաժողովին Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարտ Թոքաեւ յոյս յայտնած է, որ «ռուսական կողմի խաղաղապահ ջանքերը թոյլ կու տան կարգաւորել հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը»։

Ինչպէս յայտնած է «ՌԻԱ Նովոստի»ն, Ղազախստանի ղեկավարի մամուլի ծառայութեան հաղորդմամբ՝ Թոքաեւ, ելոյթ ունենալով գագաթնաժողովին, աջակցած է հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան դիւանագիտական ​​կարգաւորման ուղղուած քայլերուն։

«Մենք բոլորս շահագրգռուած ենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորմամբ։ Մենք յոյսով ենք, որ ռուսական կողմի խաղաղապահ ջանքերը հնարաւորութիւն կու տան հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը լուծելու բացառապէս քաղաքական եւ դիւանագիտական ​​միջոցներով եւ կողմերը բերել խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման», -ըսուած է Թոքաեւի մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ։