Մէկ տարուայ ընթացքին ռուս խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ոչնչացուցած են աւելի քան 26 000 պայթուցիկ սարք։ Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի մարդասիրական ականազերծման ստորաբաժանման զինծառայողները կը շարունակեն տարածքները եւ ընկերային ենթակառուցուածքները պայթուցիկ սարքերէ մաքրելու աշխատանքները։
«2020 թուականի 23 Նոյեմբերէն մինչ օրս ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի մարդասիրական ականազերծման ստորաբաժանումները ականազերծած են աւելի քան 2300 հեկտար տարածք, ինչպէս նաեւ 683 քմ ճանապարհ եւ մօտ 2000 շէնք: Ընդհանուր առմամբ յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած է աւելի քան 26 000 միաւոր զինամթերք»,-ըսած է խաղաղապահ զօրախումբի ներկայացուցիչ Իլիա Սթոլիչնին։
Նշուած է, որ տեղանքը մաքրելու ժամանակ զինուորական երկրաչափները կիրառած են երկրաչափական հետախուզութեան եւ պաշտպանութեան նորագոյն միջոցներ՝ ԻՄՊՍ-2 ականորսիչներ, ՕՎՌ-2 ականազերծողի պաշտպանիչ տարազ, «Կորշուն» պայթուցիկ սարքերու շարժական որսիչ, ինչպէս նաեւ դժուար հասանելի տեղերուն մէջ ներգրաւուած են ականներ յայտնաբերող շուներ։