image

«Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» եւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնները կրնան միաւորուիլ եւ Հայաստանին մեծ օգուտներ բերել. չինացի փրոֆեսոր

«Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» եւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնները կրնան միաւորուիլ եւ Հայաստանին մեծ օգուտներ բերել. չինացի փրոֆեսոր

Չինաստանի Ռենմին համալսարանի փրոֆեսոր Ժենկ Եունթիանի կարծիքով՝ չինական «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» եւ հայկական «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնները կրնան միաւորուիլ եւ Հայաստանին օգուտ բերել տարբեր ուղղութիւններով։ 

Չինացի փրոֆեսորը նման տեսակէտ արտայայտած է «Արմէնփրէս»-ի թղթակցի հետ զրոյցին՝ ընդգծելով, որ փոխուող աշխարհակարգի լոյսին տակ Հայաստանը եւ Չինաստանը պէտք է համախմբեն իրենց ուժերը՝  զարգացնելու եւ խորացնելու համագործակցութիւնը։ 

Գնահատելով Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը եւ տարբեր ոլորտներու մէջ հայ-չինական գործընկերութեան զարգացման հեռանկարները՝ զրուցակիցը նշած է, որ վերջին տարիներուն, ուսումնասիրելով Հարաւային Կովկասի հիմնահարցերը, նկատած է, որ 2013 թուականին չինական «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութեան երեւան գալէն ի վեր՝ Չինաստանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններն աւելի ամրապնդուած են։  

«Ե՛ւ առեւտուրի, ե՛ւ մշակութային փոխանակումներու առումով շատ ոլորտներ կը բարելաւուին։ Եւ ես իսկապէս լաւատեսական զգացումներ ունիմ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու վերաբերեալ, քանի որ մենք մշակութային առումով շատ նմանութիւններ ունինք։ Ես իսկապէս կը հաւատամ, որ յատկապէս փոփոխուող աշխարհակարգի լոյսին տակ Չինաստանը եւ Հայաստանը պէտք է համախմբեն ուժերը՝ զարգացնելու եւ խորացնելու յարաբերութիւնները»,-նշած է փրոֆեսորը։  

Անոր դիտարկմամբ՝ չինական «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութիւնն ապագային օգուտ պիտի բերէ Հայաստանին։ 

Հաղորդակցային ուղիներու պարունակին մէջ անդրադառնալով Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագրին՝ չինացի փրոֆեսորը կարծիք յայտնած է, որ այդ բաւականին խելամիտ ռազմավարութիւն է Հայաստանի զարգացման տեսանկիւնէ։ 

«Այդ նախաձեռնութեան ես ծանօթացած եմ անցեալ տարի եւ կը կարծեմ, որ այն շատ խելացի ռազմավարութիւն է Հայաստանի զարգացման համար։ Իմ կարծիքով՝ «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» եւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնները կրնան միաւորուիլ եւ Հայաստանին օգուտ բերել տարբեր երեսակներով»,-ընդգծած է Ժենկ Եունթիանը։ 

Փրոֆեսորը խօսած է նաեւ հայ-ատրպէյճանական բանակցային գործընթացի եւ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման հաւանականութեան մասին՝ նշելով, որ Չինաստանի դիւանագիտական ​​քաղաքականութեան տեսանկիւնէ խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնը եւ համագործակցութիւնը միշտ ալ այս դարաշրջանի թեմաներն են։ 

«Անկախ անկէ, թէ ինչ հակամարտութիւններ ու պատերազմներ կ՚ընթանան աշխարհի այլ մասերու մէջ, Եւրասիայի մէջ՝ յատկապէս Հին Մետաքսի ճանապարհի երկայնքով գտնուող երկիրներու մէջ, մենք պէտք է ինչ-որ բան ընենք խաղաղութեան եւ զարգացման համար։ Այսպիսով, Չինաստանը միշտ շեշտը կը դնէ խաղաղութեան եւ զարգացման վրայ»,- շեշտած է Չինաստանի Ռենմին համալսարանի փրոֆեսոր Ժենկ Եունթիանը։