image

Մասք առաջարկած է տարիքային վերին շեմ սահմանել ԱՄՆ նախագահի թեկնածուներու համար

Մասք առաջարկած է տարիքային վերին շեմ սահմանել ԱՄՆ նախագահի թեկնածուներու համար

Ամերիկացի ձեռնարկատէր Իլոն Մասք կը կարծէ, որ ԱՄՆ նախագահի թեկնածուներու համար անհրաժեշտ է տարիքային վերին շեմ սահմանել, որմէ ետք անոնք չեն կրնար ընտրուիլ։ Այս մասին ան գրած է X-ի իր էջին։

«Այո՛, պէտք է ըլլայ առաւելագոյն տարիքը»,-գրած է ան՝ մեկնաբանելով օգտատէրերէն մէկու գրառումը, որ հարց տուած է, թէ ի՞նչու չկայ տարիքային վերին շեմ Սպիտակ տան ղեկավարի համար:

Նշենք, որ ԱՄՆ Սահմանադրութիւնը կը սահմանէ նախագահի պաշտօնը ստանձնելու միայն ստորին տարիքային շեմը՝ 35 տարեկան, մինչդեռ վերին շեմ սահմանուած չէ։