Ամերիկացի ձեռնարկատէր Էլոն Մասք, ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ «ընդհարման» հոլովոյթին մէջ, առաջարկած է երկրին մէջ նոր կուսակցութիւն մը հիմնել եւ այն կոչել «Ամերիկա»։ Այս մասին ան գրած է X հարթակին մէջ, կը հաղորդէ rbc.ru-ն։
Իր X էջին վրայ Մասք նաեւ հարցադրում ըրած է, որուն մասնակցած է 5.6 միլիոնէ աւելի մարդ։ Հարցումը հետեւեալ ձեւակերպումն ունի․ «Միթէ չէ հասած ժամանակը Ամերիկայի մէջ ստեղծելու նոր քաղաքական կուսակցութիւն մը, որ իրօք պիտի ներկայացնէ բնակչութեան 80 տոկոսը»։ Մասնակիցներուն 80 առ հարիւրը քուէարկած է «այո», իսկ մնացեալ 20 առ հարիւրը՝ «ոչ»։