Հայ Կաթողիկէ Պատրիարք-Կաթողիկոսին այցը՝ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին։
Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝
Լուրը քաղած եմ Լիբանանի նախագահութեան պաշտօնական էջէն՝ (հրապարակուած արաբերէն լեզուով)
Նախագահ Ժոզէֆ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Կիլիկիոյ տան Կաթողիկոս-Պատրիարք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանին հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանուր կացութիւնը եւ հայ կաթողիկէ համայնքի զաւակներուն վերաբերող հարցերը։
Նախագահ Աուն տեղեկացաւ նահատակ երանելի քահանա Կոմիտաս Գէօմիւրճեանի սրբադասման գործին անցած փուլերուն, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ ծառայ Կարտինալ Գրիգոր Աղաճանեանի երանելացման հռչակման ուղղութեամբ ընթացող նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին
Իր հերթին Պատրիարք Մինասեան բարձր գնահատեց նախագահ Աունի ջանքերը՝ երկրի անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ երկար տարիներու բացակայութենէն ետք Լիբանանի ներկայութիւնը արտասահմանեան հարթակներուն վրայ վերակենդանացնելու ուղղութեամբ։