Մենք ալ կը մասնակցինք Երուսաղէմի Պատրիարք Ամենապատիւ Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի կոչին՝ անմիջապէս հաւաքելու Ազգային Եկեղեցական Ժողովը լուծումներ հայթայթելու համար անյետաձգելի այս հարցին: Մենք ալ մեր հերթին կոչ կ'ուղղենք բոլոր եպիսկոպոսներուն եւ աշխարհական վարչութիւններուն որպէսզի յստակ կամք դրսեւորեն շտապ գումարմանը համար Ազգային Եկեղեցական Ժողովին:
Աստուածայայտնութեան այս Տօնին մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մեր ամենաջերմ աղօթքները պիտի ուղղուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անդորրութեան համար, որպէսզի Տէր Յիսուս Քրիստոս իր ամենակար ձեռքերուն մէջ առնէ իրավիճակը եւ դարմանէ մեր մեղքերու պատճառով գոյացած խորունկ վէրքերը եւ վերստին շնորհէ Իր Եկեղեցիին իր կատարեալ խաղաղութիւնը:
«Մենք արեւելքի մէջ անոր աստղը տեսանք ու
եկանք անոր երկրպագութիւն ընելու» (Մատթէոս 2:2)
Տարիներ կ'անցնին եւ մենք խորը մխիթարանք կը զգանք երկու հազար տարուայ աւետիսը վերստին հնչեցնելու.
«Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ»:
Տակաւ կ'արձագանգէ հրեշտակներու օրհներգը Բեթղեհէմի քարքարուտ հովիտներուն մէջ, բայց այս անգամ երգակցութեամբը մանկանց Եկեղեցւոյ՝ սփռուած ողջ աշխարհի մէն մի անկիւն:
«Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն»:
Հովիւներու չափ խոր սքանչացումով տպաւորուած են մեր յուզումնալից երեսները պահի երկիւղով հիասքանչ եւ ուրախ. բառերը ինքնաբերաբար կը ժայթքին մեր բերնէն.
«Փրկիչը Ծնաւ»:
Կանթեղի մը աղօտ լոյսին տակ կը դիտենք քնքուշութեամբ տիեզերքի Արեւը, Սուրբ Մարիամի եւ Յովսեփի հետ միասին: Առանձին չենք սակայն, հետզհետէ շրջանակը կ'ընդլայնի, բոլոր ժամանակներէն եւ ազգերէն, բոլոր լեզուներէն եւ երկիրներէն մեծ ուխտագնացութիւն մը կը հոսի գոմէն ներս՝ արեւաշող գետի մը նման: Բեթղեհէմի քարայրը այլեւս այնքան փոքր չէ, պատերը փուլ եկած են ամբողջ եւ կ'ընդարձակուի դէպի աշխարհի չորս ծագերը՝ արեւելքէն արեւմուտք, հարաւէն հիւսիս անարգելաբար: Այո՛, Սուրբ Մանուկը յաջողած է ամբողջ աշխարհը իր Բեթղեհէմին վերածել եւ իր մսուրը շատոնց դարձուցեր է համայն մարդկութեան տրոփող սրտին:
Շատ կանուխէն ողջունեց մեզ Բեթղեհէմի մանուկը եւ երկու հազար տարի առաջ արդէն ուղարկեց մեզի իր երկու առաքեալը, Ս. Թադէոսը եւ Ս. Բարթողոմէոսը՝ մեր առաջին լուսաւորիչները: Իսկ մեր իշխանաւորները 301 թուականին այցելութեան եկան եւ երկիրպագելով Անոր մատուցանեցին Հայ ժողովուրդի ոսկին, կնդրուկն ու զմուռսը համբուրելով ոտքերը Խաղաղութեան Իշխանին: Անոնց առաջնորդող աստղը եղաւ Սուրբ Գրիգոր հայրապետը՝ Լուսաւորիչը Հայաստանեայց աշխարհի: Այս անգամ Ս. Էջմիածինն էր երկրորդ Բեթղեհէմը, ուր Փրկիչը ծնաւ մեր ազգին համար:
Բայց ինչո՞ւ է որ այս Տօնին «Սուրբ Էջմիածինը» կը յիշենք խոր տխրութեամբ եւ շփոթախառն զգացումներով շուարած: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ անոր ազգընտիր եւ օծեալ Վեհափառին ուղղեալ յարձակումները մինչեւ ո՞ւր պիտի հասնին: Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս Սուրբ Էջմիածինը շրջապատող քաղաքական մշուշը պիտի վերնայ եւ վերստին պայծառապէս պիտի ներշնչէ մեր ազգը որպէս հզօրագոյն խորհրադանիշը՝ միութեան եւ Բեթղեհէմեան սրբութեան:
Մեծաւ մասամբ Հայաստանի ներքաղաքական խնդիրներէն ծագում առած այս կացութիւնը, մեզի, սփիւռքահայերուս համար անհասանելի հեռաւորութեան մը վրայ կը պատահի: Հեռուէն դիտողներու դիրքին մատնուած ենք: Բայց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Կաթողիկոսութեան մասին մենք ալ ըսելիքներ եւ ընելիքներ ունինք: Կարելի չէ հարցը միայն Հայաստանի սահմաններուն մէջ լուծել: Մեր առջեւը պարզուած տեսարանը յստակօրէն կը փաստէ որ այս պայմաններու տակ ոչ ոք, անձնապէս կամ խմբովին եւ ոչ մէկ հոգեւորական կամ քաղաքագէտ այս եկեղեցական խնդրին լուծումը չունին ներառեալ Նորին Սրբութիւն Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ամենայն Հայոց: Հնչեցուած տեսակէտներ շատ են բայց հանգուցալուծ հեղինակաւոր ձայնը կը պակսի. Պարզ այն պատճառով որ Կաթողիկոսի վրայ եկեղեցագիտօրէն միակ հեղինակաւոր կառոյցն է Ազգային Եկեղեցական Ժողովը, որ կը պարունակէ աշխարհատարած հայութեան իմաստութիւնը եւ հաւաքական կամքը, որ լիազօրուած է նման խնդիրները կարգաւորելու համար:
Մենք ալ կը մասնակցինք Երուսաղէմի Պատրիարք Ամենապատիւ Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի կոչին՝ անմիջապէս հաւաքելու Ազգային Եկեղեցական Ժողովը լուծումներ հայթայթելու համար անյետաձգելի այս հարցին: Մենք ալ մեր հերթին կոչ կ'ուղղենք բոլոր եպիսկոպոսներուն եւ աշխարհական վարչութիւններուն որպէսզի յստակ կամք դրսեւորեն շտապ գումարմանը համար Ազգային Եկեղեցական Ժողովին:
Աստուածայայտնութեան այս Տօնին մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մեր ամենաջերմ աղօթքները պիտի ուղղուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անդորրութեան համար, որպէսզի Տէր Յիսուս Քրիստոս իր ամենակար ձեռքերուն մէջ առնէ իրավիճակը եւ դարմանէ մեր մեղքերու պատճառով գոյացած խորունկ վէրքերը եւ վերստին շնորհէ Իր Եկեղեցիին իր կատարեալ խաղաղութիւնը:
«Թագաւոր Երկնաւոր զԵկեղեցի քո անշարժ պահե՛ա»
Բեթղեհէմի լոյսը ժառանգ առինք մեր պապերէն ու որպէս անգին ժառանգութիւն մը պիտի թողունք մեր զաւակներուն: Ճիշդ ժամանակն է նայելու դէպի երկինք հայու մաքուր եւ ջինջ հոգիի աչքերով, տեսնելու աստղը Բեթղեհէմի, որ նաեւ մեզ պիտի առաջնորդէ մեր աննուաճ երազներուն, ինչպէս մեր հայրերուն ճամբայ ցոյց տուաւ գոյատեւման ու յառաջդիմութեան ուղիներուն վրայ: Ոստի մենք ալ հոս ենք՝ պատրաստ դիմակալելու 2026-ի բոլոր անակնկալները եւ մարտահրաւէրները խաչակնքելով մեր ճակատը եւ ապաւինելով Բարձրեալին Աստուծոյ, որ է «Էմմանուէլ»:
Սուրբ Ծննդեան այս օրհնաբեր շրջանը հանդիպելով հանդերձ ձմեռնային ցուրտին ու դժուար ժամանակներուն, զուգահեռաբար մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի աստղը հիանալի ճառագայթումով կը ջերմացնէ ու կը ներշնչէ մեր սիրտերը այն սքանչելի յոյսով ու վստահութեամբ, որ Աստուած մեզի հետ է մեր բոլոր դժուարութիւններուն մէջ: Թերեւս յառաջիկայ օրերուն պիտի անցնինք այնպիսի պատահարներու ընդմէջէն, որ ամենէն շատ ա՛յս տարի պիտի զգանք կարիքը Սուրբ Ծնունդի մխիթարող ջերմութեան: Սակայն փա՛ռք Աստուծոյ, ունինք հզօր կռուաններ ու պաշպանութեան զէնքեր, որոնցմով կարող ենք դիմակայել այս տարիին մեր առջեւ յարուցելիք բոլոր փորձանքներուն:
Նոր տարուայ սեմին կը մաղթեմ ամենաբարին եւ ամենալուսաւորը ձեր բոլորին: Երազանքներուն իրականացում, յաջողութեան կատարներ եւ անսասան առողջութիւն կը մաղթեմ ձեզի: Եղանակի օրհնութիւնն ու խնդութիւնը ձեր վրայ իջնէ առատապէս եւ այս օրերուն ամբողջ աշխարհին լաւատեսութեամբ բաբախող սիրտին մասնակից դառնանք մենք եւս: Հրեշտակներ թող թափեն երկինքէն մարդու որդիներուս վրայ Աստուածային սէր, եղբայրութիւն, խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն:
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:
*
Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան կենսանորոգ տօնին առիթով կ’ողջունենք Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր։ Քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կ’ողջունենք նաեւ մեր Հոգեւորական Դասու անդամները, Սրբազան Եպիսկոպոսներն ու Միաբան Հայրերը, Քահանայից, Սարկաւագաց եւ Դպրաց Դասերը, Գալֆայեան Ուխտի Քոյրը, Պատրիարքական Աթոռի Տնտեսական Խորհուրդի, Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի եւ իրեն ենթայանձնախումբերու, Տիկնանց եւ Հայ Մենթի-Մենթոր Յանձնախումբերու անդամները, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը, Բժշկապետութիւնը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժ քոյրերը, Համայնքային Հաստատութեանց Խնամակալութիւնները, Թաղային Խորհուրդները, Տիկնանց Յանձնախումբերը, մեր համայնքային վարժարաններու Հիմնադրի ներկայացուցիչներն ու Տնօրէնները, Հոգաբարձութիւնները, Ուսուցչաց Դասը, Աղքատախնամ Մարմինները, Սանուց Միութիւնները, Մարմնամարզական եւ Հայրենակցական Միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական ու մշակութային մարմինները, Հայ Մամլոյ Խմբագիրները եւ ողջ Անձնակազմը, Պատրիարքական Աթոռոյս ինչպէս նաեւ բարեսիրական եւ կրթական հաստատութեանց սատարող ազնիւ բարերարները, համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը՝ մաղթելով բոլորին Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։
Յատուկ օրհնութեամբ կ’ողջունենք եւ կը շնորհաւորենք Գաւառի Հայոց Տեսուչը եւ գաւառի մէջ բնակող մերազն ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ Կրետէի Հայ համայնքի անդամները։
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան եւ անսասանութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի։ Մեր որդիական ակնածանքը կը յղենք Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Կը հայցենք Նորին Սրբութեան եւ Մայր Աթոռի ողջ միաբանութեան աղօթքները վասն պայծառութեան Աթոռոյս։
Ի Քրիստոս սիրով կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսը եւ Երուսաղէմի Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարքը, հանդերձ իրենց միաբանակից վանական հայրերով, նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները, հանդերձ իրենց հոգեւորական դասերով վստահ ըլլալով, թէ բոլորը աղօթակից են մեզի։
Մեր հայրական սրտագին սէրն ու ողջոյնները կ՚առաքենք սփիւռքի մէջ գործող Ս. Խաչ Դպրեվանք, Կեդրոնական, Էսաեան ու Մխիթարեան Վարժարաններու Սանուց Միութեանց Վարչութիւններուն, Պոլսահայ Միութիւններուն ու մերազն ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք նեղ պայմաններու մէջ կը շարունակեն տէր կանգնիլ իրենց աւանդութիւններուն։
Այս առթիւ ի Քրիստոս սիրով ողջունելով, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տաղաւարի մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք նաեւ բոլոր քոյր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։
Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ. Ամէն։
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ։
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։
Հայրական սիրոյ ողջունիւ եւ աղօթիւք ի Քրիստոս
ՍԱՀԱԿ Բ.
ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ
25 Դեկտեմբեր 2025
15816