image

Ֆիննական ծոցին մէջ նաւեր բախած են

Ֆիննական ծոցին մէջ նաւեր բախած են

 

Ֆիննական ծոցին մէջ նոյն ուղղութեամբ շարժող երկու նաւեր բախած են։ Այս մասին կը հաղորդէ տեղի Արտակարգ իրավիճակներու ծառայութեան լրատուական բաժինը։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ «Կլիֆատա» եւ «Աէօլիան Ֆորչուն» նաւերու բախման հետեւանքով տուժածներ չկան, շրջակայ միջավայրի աղտոտում չէ արձանագրուած։ Վթարը չի խոչընդոտեր այլ նաւերու տեղաշարժը։

Նաւերու անձնակազմերը պիտի գնահատեն պատճառուած վնասը, որմէ ետք կը նախատեսեն շարունակել նաւարկութիւնը։