4 Փետրուարին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սարմէն Բաղդասարեան իր հաւատարմագրերը յանձնեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունին։
Հանդիպման ընթացքին դեսպան Բաղդասարեան վերահաստատեց հայկական կողմի յանձնառութիւնը՝ Հայաստան–Լիբանան երկկողմ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման, փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման եւ նոր նախաձեռնութիւններու իրականացման ուղղութեամբ։
Իր հերթին նախագահ Ժոզէֆ Աունը դեսպան Բաղդասարեանին մաղթեց յաջողութիւն իր դիւանագիտական առաքելութեան մէջ եւ յայտնեց Լիբանանի կողմէ դեսպանութեան գործունէութեան ամբողջական աջակցութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութիւնը։

