Փետրուար 6-ին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ընդունած է գնդերեց քահանայ հայրերը, որոնց ծառայութիւնը Հայաստանի Զինած ուժերուն մէջ դադրեցուած է փետրուար 1-էն։
Փետրուար 1-էն՝ Պաշտպանութեան նախարարի հրամանով դադրեցուած է ՀՀ զինուած ուժերու Հոգեւոր ծառայութեան առաջնորդի եւ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ կողմէ նշանակուած հոգեւոր ծառայողներու գործունեութիւնը ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան համակարգին մէջ։ Հոգեւոր ծառայութիւնը պիտի համակարգուի ՀՀ Զինուած ուժերու ԳՇ բարոյահոգեբանական ապահովման վարչութեան կողմէ:
Հանդիպման Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կատարած է նաեւ հոգեւոր սպասաւորներու նոր նշանակումներ՝ յորդորելով քահանայ հայրերը նոյն նուիրումով եւ յանձնառու ոգիով շարունակել հոգեփրկչական իրենց առաքելութիւնը ծառայութեան նոր վայրերու մէջ։