ԼՂՀ- Լեռնային Ղարաբաղի սահմանային գօտիին վրայ ԵԱՀԿ-ի տնօրինութեամբ հերթական դիտարկում պիտի կատարուի: Նշենք, որ հայկական կողմին վրայ դիտարկումը պիտի ըլլայ Մարտունիի Կուրապատինկո բնակավայրի հիւսիսային հատուածին մէջ եւ դիտարկման պիտի հսկէ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասպրչիկ:Նշենք, որ տեղեկութիւնը փոխանցուած է ԼՂՀ ԱԳ նախարարութեան կողմէ: