ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն վստահ չէ, որ երկրին մէջ իշխանութեան խաղաղ փոխանցում կրնայ ըլլալ, եթէ հանրապետական Տանըլտ Թրամփ նոյեմբերին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն պարտուի դեմոկրատ թեկնածու Քամալա Հարիսին։ Որպէս իր մտահոգութեան հիմնաւորում Պայտըն մէջբերած է Թրամփի յայտարարութիւններն այն մասին, որ «եթէ ինքը պարտուի, ապա ընտրութիւնները գողցուած պիտի ըլլան», գրած է cnn.com-ը:
«Ան լուրջ կը խօսի, բայց մենք անոր լուրջ չենք վերաբերիր... բոլոր խօսքերն այն մասին, որ «եթէ մենք պարտուինք, արիւնահեղութիւն պիտի ըլլայ, գողցուած ընտրութիւններ պիտի ըլլան, լուրջ կ՚ըսէ»», -ըսած է Ճօ Պայտըն՝ մէջբերելով ԱՄՆ նախկին նախագահին խօսքերը։
Թրամփ մարտին նախազգուշացուցած էր, որ եթէ ան պարտուի 2024 թուականի ընտրութիւններուն, այդ «արիւնահեղութիւն» պիտի ըլլայ ԱՄՆ-ի ինքնաշարժներու արդիւնաբերութեան եւ երկրի համար. Պայտըն եւ անոր նախընտրական շտաբն արագօրէն արձագանգած էին՝ պնդելով, որ նախկին նախագահը քաղաքական բռնութիւն կը հրահրէ:
Այժմ Պայտըն նախազգուշացուցած է, որ Թրամփ կը պատրաստուի կրկին վիճարկելու ընտրութիւններու արդիւնքները նոյեմբերին, ինչպէս այդ ըրաւ 2020 թուականին:
«Դուն չես կրնար սիրել երկիրդ միայն այն ժամանակ, երբ կը յաղթես», - ընդգծած է Պայտըն: