Արցախի արեւելեան թեւին` Մարտունիի շրջանի ուղղութեամբ Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանման իրականացուցած որոնողական աշխատանքներուն արդիւնքով յայտնաբերուած է եւս մէկ աճիւն:
Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը աճիւնը փոխանցած է Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան, ռազմական գործողութիւններու ընթացքին զոհուածին ինքնութիւնը պիտի հաստատուի դատաբժշկական փորձաքննութենէ յետոյ:
Զինադադարի հաստատումէն յետոյ իրականացուած որոնողական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանական կողմին հետ դիերու փոխանակման արդիւնքով մինչ օրս տարհանուած է 1704 աճիւն