image

«Մարիան մօտեցաւ անմահական դրախտին»Լրացաւ Մարիա Անժելա Թօսունեանի մահուան քառասունքը

«Մարիան մօտեցաւ անմահական  դրախտին»Լրացաւ Մարիա Անժելա  Թօսունեանի  մահուան  քառասունքը

Ընդհանրապէս չենք կրնար գուշակել մահը: Չենք կրնար գիտնալ, թէ երբ մահը պիտի թակէ մեր կեանքի դուռն ու մտնէ անկէ ներս եւ հանգեցնէ կեանքի լոյսը: Ամենադժուար բանն է պարմանիի մը կանխահաս մահուան մասին մահախօսական գրելը:

Մարիա-Անժելա Թօսունեանը, 14-ամեայ պատանին, կանուխէն բաժնուեցաւ մեզմէ առ յաւէտ: Ան մանուկ հասակէն սէր ունէր հայկական պարի հանդէպ եւ պարտաճանաչ պարող մըն էր Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան «ԱՐԵԳ» պարախումբին մէջ:

Անժելան իր հետեւողական կամքով, սորվելու ջանքով, ճիգ չխնայեց իր լաւագոյնը կատարելու եւ տալու «ԱՐԵԳ»-ի ելոյթներուն ընթացքին: Հնազանդ, քաղաքավար եւ լուրջ նկարագրով սիրուած էր մեր բոլորէն: Տիպար եւ օրինակելի պարող մըն էր, կարծէք թէ քիչ մը ամչկոտ, երկար չխօսող ու խօսքէն աւելի պար սորվելու ճիգին մէջն էր միշտ:

Աւա՜ղ, մահը խլեց զայն մեզմէ: Անոր մեկնումը անհաւատալի է, սակայն կը հաւատանք, որ ան այս անցողական կեանքէն հեռանալով մօտեցաւ անմահական դրախտին, ուր իր անմեղ սրտով պիտի վայելէ Աստուծոյ պարգեւած յետմահու յաւիտենական կեանքը:

Անշուշտ բոլորէն սիրուած Անժելային բարի յիշատակն ու անմեղ ժպիտը յաւէտ պիտի մնան մեր սրտերուն մէջ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի Անժելա:

 

«Նոր Սերունդ» Մշակութային  Միութիւն