image

Զինծառայողի մահուան դէպքով նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ սպանութեան յօդվածով․ ՔԿ

Զինծառայողի մահուան դէպքով նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ սպանութեան յօդվածով․ ՔԿ

Զինծառայող Աղասի Դալլաքեանի մահուան դէպքի առթիւ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ սպանութեան յօդուածով, յայտնած է Քննչական կոմիտէն։

«Հոկտեմբերի 13-ին հաղորդում է ստացուել, որ նոյն օրը՝ ժամը 09:30-ի սահմաններում, ՀՀ ՊՆ N զօրամասի պահպանութեան տեղամասի կեդրոնացման շրջանում յայտնաբերուել է մարտական հերթապահութիւն իրականացնող, նոյն զօրամասի զինծառայող Աղասի Սերոժի Դալլաքեանի դին՝ կզակի շրջանում հրազէնային վիրաւորումով: Դէպքի առթիւ Քրէական օրէնսգրքի 155-րդ յօդուածի 1-ին մասով նախաձեռնուել է քրէական վարոյթ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Նշուած է, որ նախաքննութեան ընթացքին կատարուած են քննչական եւ այլ վարութային գործողութիւններ։ Զօրամասիէն ստացուած են անհրաժեշտ փաստաթուղթեր, ծառայութիւն իրականացուցած զինծառայողներէն ստացուած են փորձանմուշներ, որոշումներ կայացուած են նաեւ դատաբժշկական փորձաքննութիւններ նշանակելու մասին: Հարցաքննուած են տուժողի շարք մը համածառայակիցներ, սպայական կազմի ներկայացուցիչներ։