image

Խամէնիյի գուժեց եւ ուղերձ յղեց՝ Նասրալլայի մահուան առթիւ

Խամէնիյի գուժեց եւ ուղերձ յղեց՝ Նասրալլայի  մահուան առթիւ

Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջանի դիմադրութեան բոլոր ուժերը կանգնած են շիաներու «Հըզպալլա» շարժման կողքին։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամէնիյի՝ շարժման ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլայի մահուան մասին հաղորդագրութիւններէն յետոյ։ Անոր խօսքերը մէջբերած է ԹԱՍՍ՝ վկայակոչելով PressTV հեռատեսիլային ալիքը։

«Տարածաշրջանի մէջ դիմադրութեան ամբողջ ճակատը կանգնած է «Հըզպալլա»ի կողքին՝ աջակցելով անոր», - մէջբերած է լրատուականը անոր խօսքը։

Խամէնիյի աւելցուցած է, որ տարածաշրջանի ճակատագիրը «պիտի որոշէ դիմադրութեան ճակատը, մասնաւորապէս «Հըզպալլա»ն:

Իրանի հոգեւոր առաջնորդը կոչ ըրած է բոլոր իսլամներուն աջակցելու Լիբանանի ժողովուրդին եւ «Հըզպալլա»ին բոլոր միջոցներով եւ օգնելու դիմակայելու Իսրայէլ:

Աւելի վաղ Reuters գործակալութիւնը, յղում ընելով իր աղբիւրներուն, յայտնած էր, որ Խամէնիյին անվտանգ վայր տեղափոխած են Նասրալլայի մահուան մասին յայտարարութիւններու ֆոնին: Ըստ տեղեկութիւններուն` Իրան կապի մէջ է «Հըզպալլա»ի եւ տարածաշրջանի այլ դաշնակիցներու հետ հետագայ գործողութիւններուն շուրջ:

Աւելի վաղ ՑԱԽԱԼ պաշտօնապէս հաստատած էր, որ Նասրալլան ոչնչացուած է 27 սեպտեմբերին Պէյրութի վրայ իսրայէլեան օդուժի յարձակման հետեւանքով:

Օդային հարուածը հասցուած է «Հըզպալլա»ի ղեկավարութեան խորհրդակցութեան ժամանակ, որուն կրնար ներկայ ըլլալ Նասրալլան: Ինչպէս պնդած է Al Hadath հեռատեսիլային ալիքը՝ վկայակոչելով իսրայէլեան աղբիւրները, շիական կազմակերպութեան շտաբի վրայ յարձակման ժամանակ հզօր օդային ռումբեր կիրառուած են նկուղները խոցելու համար։ Փուլ եկած են առնուազն վեց շէնք, որոնք կանգնած են այն վայրի մօտակայքը, որու վրայ օդային յարձակում իրականացուած է։ Նախնական տուեալներով՝ կան զոհեր եւ տասնեակ տուժածներ: