image

Մաքրոնը յայտարարած է, որ պիտի շարունակէ նախագահել մինչեւ իր լիազօրութիւններու աւարտը

Մաքրոնը յայտարարած է, որ պիտի շարունակէ նախագահել մինչեւ իր լիազօրութիւններու աւարտը

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը յայտարարած է, որ մինչեւ լիազօրութիւններու աւարտը՝ 2027 թուականը, պիտի մնայ նախագահի պաշտօնին: Ան կառավարութեան հրաժարականն ընդունելէ ետք խոստացած է յառաջիկային նշանակել նոր նախարարներ, որոնք պիտի ներկայացնեն ամբողջ քաղաքական շերտերը։

Ֆրանսայի ապագայ կառավարութիւնը, նախագահի խօսքով, պէտք է նոր պիւտճէի նախագիծը նախապատրաստէ 2025-ի սկիզբին։ Քաղաքացիներուն ուղղուած ուղերձին մէջ Մաքրոնը նշած է, որ այդ պիւտճէի հաստատումն անհրաժեշտ է, որ երկիրը կարողանայ, նախատեսուածի պէս, ներդրում ընել բանակին մէջ, դատական համակարգի, ոստիկանութեան համակարգի, ինչպէս նաեւ հնարաւոր ըլլայ օգնել այգեպաններուն: