image

Մաքրոն զգուշացուցած է Իրանը

Մաքրոն զգուշացուցած է Իրանը

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հեռախօսազրոյցի ընթացքին նախազգուշացուցած է իր իրանցի գործընկեր Իպրահիմ Ռայիսին Իսրայէլի եւ ՀԱՄԱՍ-ի միջեւ հակամարտութիւնը սրելէ, յայտնած է Ֆրանսայի նախագահի գրասենեակը։

Մաքրոն զգուշացուցած է Ռայիսին հակամարտութեան որեւէ սրումէ կամ տարածումէ, յատկապէս դէպի Լիբանան, յայտնած է France 24-ը։

Հաշուի առնելով «Հըզպալլա»ի եւ ՀԱՄԱՍ-ի հետ յարաբերութիւնները՝ Իրանը պատասխանատւութիւն կը կրէ այս հարցով:

Մաքրոնն ըսած է, որ Իրանը պէտք է ամէն ինչ ընէ տարածաշրջանային բռնկումէ խուսափելու համար։