image

Մաքրոն Կրակը դադրեցնելու կոչ ըրաւ

Մաքրոն Կրակը դադրեցնելու կոչ ըրաւ

Ֆրանսան կոչ կ՚ընէ դադրեցնելու Կազայի հատուածին մէջ ռմբակոծութիւնները եւ մարդասիրական զինադադար հաստատելու: Այս մասին, ինչպէս գրած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, լրագրողներու հետ զրոյցին յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը։

«Մենք զինադադարի կոչ կ՚ընենք, քանի որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը չարդարացներ խաղաղ բնակիչներու զոհաբերութիւնը»,-ըսած է Մաքրոն։

Ան ընդգծած է, որ «խաղաղ բնակիչները պաշտպանելու համար անհրաժեշտ է դադրեցնել ռմբակոծութիւնը, կազմակերպել մարդասիրական օգնութեան տրամադրումը եւ վերացնել Կազայի շրջափակումը»։

Ֆրանսայի նախագահը նաեւ աջակցած է պաղեստինցիներու՝ սեփական պետութիւնն ունենալու պահանջին։ Անոր կարծիքով՝ «Պաղեստինի ժողովուրդի օրինական ձգտումներուն պէտք է քաղաքական մարմնաւորում տրուի»։