Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը կրակի հետ կը խաղայ՝ սկսելով Ուքրանիա ռազմական զօրակազմի հնարաւոր ուղարկման շուրջ քննարկումները։ Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ ԱԳ նախարարութեան ԱՊՀ երկրներու երկրորդ վարչութեան ղեկավար Ալեքսէյ Փոլիշչուքը։
«Նման խօսակցութիւնները չեն կրնար անհանգստութիւն չառաջացնել: Ուքրանիոյ մէջ ռազմական միջամտութեան կոչ ընող քաղաքական գործիչները կրակի հետ կը խաղան»,-ըսած է դիւանագէտը՝ մեկնաբանելով Ֆրանսայի ղեկավարի համապատասխան յայտարարութիւնները։
Անոր խօսքով՝ շատ արեւմտեան քաղաքական գործիչներ քաղաքական իրավիճակին ու ընտրական շահերուն կը զոհաբերեն սեփական երկիրներու ազգային շահերը։
«Կը թուի, թէ անոնք չեն գիտակցիր ճգնաժամի մագլցումի եւ աճի վտանգները: Սա քաղաքական երեխայութիւն է: Մեր նախազգուշացումները Քիեւի ռեժիմին զէնքի մատակարարման շարունակման հետեւանքներու մասին կ՚անտեսուին», - ընդգծած է Փոլիշչուքը:
Աւելի վաղ Մաքրոն յայտնած էր, որ արեւմտեան մօտ 20 պետութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ Փարիզի մէջ կայացած հանդիպման բարձրացուած է Ուքրանիա ցամաքային զօրքերու հնարաւոր ուղարկման թեման։ Անոր խօսքով՝ մասնակիցներն այս հարցով համաձայնութեան չեն յանգած, սակայն ապագային նման սենարը կարելի չէ բացառել։