image

Մաքրոն կարեւորած է Կազայի մէջ հրադադարի հաստատումը

Մաքրոն կարեւորած է Կազայի մէջ հրադադարի հաստատումը

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, բանալով Փարիզի մէջ մեկնարկած Խաղաղութեան համաժողովը,ըսած է, որ Կազայի հատուածին մէջ անհրաժեշտ է որքան հնարաւոր է շուտ մարդասիրական դադար յայտարարել եւ աշխատիլ զինադադար հաստատելու վրայ։

«Խաղաղ բնակիչները պէտք է պաշտպանուած ըլլան։ Այդ հարցը քննարկման ենթակայ չէ, այդ անհրաժեշտ է», - շեշտած է Մաքրոն։

Փարիզի համաժողովին կը մասնակցին շուրջ ութ տասնեակ երկիրներու ու միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Համաժողովին մասնակցելու նպատակով Փարիզ մեկնած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։