Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն փոխած է բջիջային հեռախօսն ու համարը, երբ տեղեկութիւն յայտնուած է առ այն, որ իսրայէլեան Pegasus ծրագրի միջոցով զինք հետեւած են:
Ինչպէս կը գրէ BBC-ն, Մաքրոն նաեւ հրամայած է վերանայիլ անվտանգութեան ընթացակարգերը:
Մաքրոն 22 Յուլիսին Պաշտպանութեան խորհուրդի արտահերթ նիստ հրաւիրած էր Pegasus ծրագրի միջոցով ելեկտրոնային լրտեսութեան գործի հետաքննութեան առանչութեամբ:
Աւելի վաղ Le Monde պարբերականը գրած էր, որ Pegasus ծրագրի միջոցով Մարոքոյէն կրնային հետեւած ըլլալ ֆրանսացի 14 նախարարի: Մարոքոյի իշխանութիւնները յայտարարած են, որ այդ մեղադրանքները անհիմն եւ կեղծ են:
Լրտեսական ծրագիրը կը վարակէ iPhone-ը եւ Android համակարգով գործող սարքերը՝ թոյլ տալով կորզել տեղեկութիւններ, լուսանկարներ եւ ելեկտրոնային նամակներ։ Զանգերը կարելի է գրանցել, իսկ միքրոֆոնները եւ խցիկները՝ ծածուկ աշխատցնել։
Յայտնի չէ՝ տեղադրուա՞ծ է արդեօք այդ ծրագրային ապահովումը Ֆրանսայի նախագահի հեռախօսին մէջ։ Բայց անոր անունը եղած է 50 000 բաժանորդներու ցուցակին մէջ, որոնք 2016 թուականէն եղած են NSO Group-ի՝ Pegasus-ի ստեղծողի յաճախորդներու համար։
Միւս թիրախներու շարքին են Իրաքի նախագահը, Փաքիստանի, Եգիպտոսի եւ Մարոքոյի գործող վարչապետերը։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել