image

Մանուէլ Հասէսեան «Յառաջիկայ ամիսներուն Երեւանի Մէջ Պաղեստինի Դեսպանատուն Պիտի Հիմնուի»

Մանուէլ Հասէսեան «Յառաջիկայ ամիսներուն  Երեւանի Մէջ  Պաղեստինի Դեսպանատուն Պիտի Հիմնուի»

«Արեւելք»ի  Բացառիկ Հարցազրոյցը  Մեծն Բրիտանիոյ Մօտ    Պաղեստինի  Հայազգի Դեսպան  Մանուէլ Հասէսեանի Հետ

 «Յառաջիկայ  ամիսներուն Երեւանի մէջ Պաղեստինի   դեսպանատուն  պիտի բացուի»,- այս մասին «Արեւելք»ին ըսաւ     Մեծն Բրիտանիոյ   մօտ  Պաղեստինի   դեսպան     Մանուէլ Հասէսեան:  Հասէսեան նաեւ նշեց, որ  ինք    Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասէն  յատուկ յանձնարարութիւն ստացած է  վերակազմակերպելու Պաղեստինի եւ  Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները,  եւ այդ աշխատանքներուն  պսակումը  պիտի ըլլայ Պաղեստինի    դեսպանատան բացումը Երեւանի մէջ:  Հասէսեան,  անդրադառնալով  Պաղեստին-Հայաստան յարաբերութիւններուն  նշեց, որ Պաղեստինը   եղած է  այն երկիրներէն,  ուր հայ  արմատներէ սերած   անդամներ  երբեք օտարում չեն  զգացած:   Դեսպանը նաեւ խօսեցաւ հայ-արաբական    յարաբերութիւններուն մասին,   նշելով, որ արաբական  պետութիւնները,   որոնց կարգին Պաղեստինը, եղած է այն երկիրներէն, որոնք Ցեղասպանութիւնէն  ճողոպրած հայերը ընդունած են   գրկաբաց ու հայերը յաջողած են      արաբական երկիրներուն մէջ  իրենց  գոյութիւնը փաստել:   Դեսպանը  նաեւ նշեց,  որ ներկայ հանգրուանին  Հայոց Ցեղասպանութեան   ճանաչման օրակարգը չէ  դրուած   Պաղեստինի  կառավարութեան կամ խորհրդարանի  օրակարգին վրայ եւ այդ մէկը  վերագրեց  տարբեր  պատճառներու,  որոնք  ժամանակաւոր են:   Պատասխանելով մեր հարցումին`   վերջերս Եւրոպայի մէջ  սկիզբ առած  Պաղեստին  պետութեան ճանաչման,  դեսպան Հասէսեան նշեց,  որ       ուշ չէ այն, օրը որ եւրոպական  բոլոր երկիրները  ճանչնան  Պաղեստին   Պետութիւնը: Դեսպան Հասէսեան  նաեւ խօսեցաւ  Պաղեստին-Թուրքիա  յարաբերութիւններուն մասին  եւ ըսաւ, որ  այդ  յարաբերութիւնները     բնական յարաբերութիւններ են,  սակայն խորքային չեն ու այդ առումով ինք քանիցս նախագահ Մահմուտ Ապպասին յայտնած է, որ Պաղեստին  յաւելեալ շահեր չունի Թուրքիայէն եւ այդ յարաբերութիւնները պէտք է ըլլան չափաւոր ու տրամանաբանուած:  Դեսպանը   յատկապէս քննադատեց  Թուրքիոյ կառավարութեան կեցուածքը`  «իսլամ եղբայրներու» պաղեստինեան թեւին «Համաս»ին  տրուած     զօրակցութեան համար,  նշելով, որ     Կազային հատուածական մնալը   չի ծառայեր պաղեստինեան ընդհանուր   ազգային շահերուն եւ նկատել տուաւ, որ   այդ խնդիրը համապաղեստինեան խնդիր է:  Դեսպան Հասէսեան   խստիւ դատապարտեց Իսրայէլի մօտեցումները` նկատել տալով, որ Իսրայէլ,  եթէ այս ձեւով շարունակէ իր քաղաքականութիւնը,   ապա անոր    վախճանը մօտ է.  ան  բառացիօրէն ըսաւ. «Իսրայէլ այս ընթացքով     իր վախճանին սկիզբը կը դնէ»:   Պաղեստինահայ դեսպանը  պատմական ակնարկ մը ընելով նաեւ խօսեցապ  ՊԱԿ-ի հիմնադիր Եասէր Արաֆաթի  օրերուն  Պաղեստինեան ջոկատներու եւ հայ    կուսակցութիւններու կապին միջեւ ու ինք այդ  օրերուն նոյնիսկ զգացած է, որ հայութեան դատն ու պաղեստինեան դատը  նոյն իւրայատկութիւնները ունին:   Խօսելով Լիբանանեան դէպքերուն մասին`    դեսպան Հասէսեան  նշեց, որ  Պաղեստինեան զինեալ ջչկատները շատ մեծ սխալներ գործեցին Լիբանանի մէջ ու անոնց` Լիբանանը իբրեւ  փոխընտրանք հայրենիք մը  ունենալու  բոլոր ըմբռնումները անհիմն էին ու անընդունելի: Ան այս առումով  ըսաւ. «Ես խնդիր մը չունիմ  մեր   սխալներուն մասին խօսելու եւ  այդ սխալները ընդունիլը կը համարեմ դրական  կէտ»: Դեսպանը նաեւ նշեց, որ  Լիբանանի  մէջ այսօր  պաղեստինցիները շատ  բարձր   եւ դրական յարաբերութիւններ կը պահպանեն  Լիբանանի  պատկան  մարմիններուն հետ:

Նշենք, որ Դեսպան Հասէսեան ակադեմական  գործիչ է,  ան հրապարակած է Պաղեստինեան   դատին   նուիրուած տասնեակ  հատորներ եւ  յօդուածներ:  Դեսպանը նաեւ այցելու դասախօս է         ամերիկեան   Մէրիլէնտ,  Վէրմոնթ,  Ըրլհէմ Գոլլէճ  եւ այլ   համալսարաններու մէջ:   Ան    անցնող Մարտին  տիրացած է          յաջողակ գործունէութիւն ծաւալած  դեսպաններու հատուկ  Grassroot Diplomat   մրցանակին:

Դեսպան  Մանուէլ Հասէսեանի հետ  «Արեւելք»ի կատարած ամբողջական   հարցազրոյցը`   աւելի ուշ: