image

«Մալթեան ասպետներ»ու շքանշան Գերպ. Տ. Գրիգոր եպս. Քուսային

 «Մալթեան ասպետներ»ու  շքանշան Գերպ. Տ.  Գրիգոր եպս. Քուսային

Երկար տարիներէ ի վեր  Եգիպտոսի  Կաթողիկէ Հայոց թեմը առաքինաբար հովուելու համար Արհի. Գրիգոր   Օգոստինոս եպս. Գուսա պարգեւատրուած է Մալթայի ասպետներու շքանշանով:

«Արեւելք»  այս մասին կը տեղեկանայ Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբի դիմատետրեան էջէն:

 

Շքանշանը, որ կը նկատուի ասպետութեան եւ հոգեւորականութեան  յատկացուող   ամէնահին  շքանշանններէն մին  Գերպ. Քուսային  յանձնուած է Մալթայի միաբանութեան դեսպան՝ Մարիօ Գարոթինոդոյի ձեռամբ, ներկայութեամբ՝ Եգիպտոսի մօտ ՀՀ դեսպանին, եգիպտական եկեղեցիներու նեկայացուցիչներու, նաեւ  Ղըպտիներու հոգեւոր Առաջնորդ՝ Անպա  Թաուատրոսի ներկայացուցիչին:

Նշուած է, որ «Մալթայի ասպետներու միաբանութիւնը» կամ «Սուրբ Յովհաննէսի, Երուսաղէմի, Հրոտոսի ու Մալթայի ինքնիշխան մարտական ուխտ»ը կաթողիկէ աշխարհիկ ռազմական միաբանութիւն մըն է, որ ունի իր ասպետական ու ազնուանականութեան սկզբունքները: Ան կը ներառէ 12500 ասպետ եւ 80000 կամաւոր: Ինչպէս նաեւ ունի բժշկական անձնակազմ բաղկացած 25,000  անձերէ՝ բժիշկներ, հիւանդապահուհիներ եւ բուժաշխատողներ, որոնք կը ներկայացնեն միաբանութեան մարդասիրական գործունէութեան ողնաշարը, տարածուած աշխարհի աւելի քան 120 երկիրներու մէջ: Միաբանութեան Մեծ Վարպետը մինչեւ 2017 թուականը եղած է բրիտանցի Մաթիու Վեսթինկ:

Միաբանութիւնը մէկ կողմէ կրօնական կազմակերպութիւն է ասպետներուն համար, իսկ միւս կողմէ կ'աշխատի քրիստոնէական հաւատքի ամրապնդման եւ Սուրբ Աթոռին (Վատիկան) ծառայելու համար: Անոր հիմնական առաքելութիւնը բարեգործութիւնն ու հիւանդներուն ծառայելն է:

Անցեալին, Մալթայի ասպետներու միաբանութեան անդամակցիլը  սահմանափակուած էր Եւրոպայի ազնուական խաւին, սակայն քսաներորդ դարու սկիզբէն ի վեր  այն սկսած է ընդգրկել կաթողիկէ համայնքներու անդամներ , որոնք  պարտաւոր են  ընդունիլ միութեան սկզբունքներն ու օրէնսդրական  հիմունքները։

Միաբանութիւնը կը գլխաւորէ Արքայազն կամ Մեծ Վարպետ, որուն ընտրութիւնը կը վաւերացուի Վատիկանի հրամանագիրով:  Միաբանութեան կեդրոնը Հռոմն է, ան օժտուած է ինքնիշխանութեամբ եւ կը վայելէ դիւանագիտական անձեռնմխելիւթիւն եւ միջազգային ճանաչում: Անիկա Վատիկանի քարտուղարութեան հետ սերտ կապեր ունի:  Դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած է աշխարհի զանազան պետութիւններու հետ դեսպաններու ու նախարարներու միջոցով: Ան ներկայացուցչութիւն  ունի զանազան միջազգային կազամկերպութիւններու մէջ ինչպէս օրինակ՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ կամ Առողջապահական Համաշխարհային Կազմակերպութիւն:

Հիմնադրութենէն ի վեր պահպանած է իր ինքնիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը: Անոնք 1789-ին բռնի տարհանուած են Մալթայէն երբ Նափոլիոն Պոնաբարդ գրաւած է զայն: Ու Պապական զանազան տարածքներու վրայ գործելով ի վերջոյ 1870-ին երբ միաւորուած է Իտալիոյ թագաւորութիւնը, միաբանութիւնը կայք հաստատած է այնտեղ: 

Միւս կողմէ, միաբանութեան ինքնիշխանութիւնը եւ կրօնը հիմնովին կապուած են, ինչ որ Մալթայի ասպետներուն կու տայ միջազգային ճանաչում, հետեւաբար կրնայ վարել իր բարեգործական գործունէութիւնը համաշխարհային մաշտապով:  

Մալթայի ասպետներու հիմնական գործունէութիւնը բարեգործութիւնն է, որ կ'իրականացնեն աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ներառեալ թէժ գօտիները: կը Բժշկական ու մարդասիրական ծառայութիւններ   մատուցելէ բացի,  ասպետները  կ՚օժանդակեն կարիքաւորներուն, հաշմանդամներուն եւ տարեցներուն: