Երկար տարիներէ ի վեր Եգիպտոսի Կաթողիկէ Հայոց թեմը առաքինաբար հովուելու համար Արհի. Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսա պարգեւատրուած է Մալթայի ասպետներու շքանշանով:
«Արեւելք» այս մասին կը տեղեկանայ Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբի դիմատետրեան էջէն:
Շքանշանը, որ կը նկատուի ասպետութեան եւ հոգեւորականութեան յատկացուող ամէնահին շքանշանններէն մին Գերպ. Քուսային յանձնուած է Մալթայի միաբանութեան դեսպան՝ Մարիօ Գարոթինոդոյի ձեռամբ, ներկայութեամբ՝ Եգիպտոսի մօտ ՀՀ դեսպանին, եգիպտական եկեղեցիներու նեկայացուցիչներու, նաեւ Ղըպտիներու հոգեւոր Առաջնորդ՝ Անպա Թաուատրոսի ներկայացուցիչին:
Նշուած է, որ «Մալթայի ասպետներու միաբանութիւնը» կամ «Սուրբ Յովհաննէսի, Երուսաղէմի, Հրոտոսի ու Մալթայի ինքնիշխան մարտական ուխտ»ը կաթողիկէ աշխարհիկ ռազմական միաբանութիւն մըն է, որ ունի իր ասպետական ու ազնուանականութեան սկզբունքները: Ան կը ներառէ 12500 ասպետ եւ 80000 կամաւոր: Ինչպէս նաեւ ունի բժշկական անձնակազմ բաղկացած 25,000 անձերէ՝ բժիշկներ, հիւանդապահուհիներ եւ բուժաշխատողներ, որոնք կը ներկայացնեն միաբանութեան մարդասիրական գործունէութեան ողնաշարը, տարածուած աշխարհի աւելի քան 120 երկիրներու մէջ: Միաբանութեան Մեծ Վարպետը մինչեւ 2017 թուականը եղած է բրիտանցի Մաթիու Վեսթինկ:
Միաբանութիւնը մէկ կողմէ կրօնական կազմակերպութիւն է ասպետներուն համար, իսկ միւս կողմէ կ'աշխատի քրիստոնէական հաւատքի ամրապնդման եւ Սուրբ Աթոռին (Վատիկան) ծառայելու համար: Անոր հիմնական առաքելութիւնը բարեգործութիւնն ու հիւանդներուն ծառայելն է:
Անցեալին, Մալթայի ասպետներու միաբանութեան անդամակցիլը սահմանափակուած էր Եւրոպայի ազնուական խաւին, սակայն քսաներորդ դարու սկիզբէն ի վեր այն սկսած է ընդգրկել կաթողիկէ համայնքներու անդամներ , որոնք պարտաւոր են ընդունիլ միութեան սկզբունքներն ու օրէնսդրական հիմունքները։
Միաբանութիւնը կը գլխաւորէ Արքայազն կամ Մեծ Վարպետ, որուն ընտրութիւնը կը վաւերացուի Վատիկանի հրամանագիրով: Միաբանութեան կեդրոնը Հռոմն է, ան օժտուած է ինքնիշխանութեամբ եւ կը վայելէ դիւանագիտական անձեռնմխելիւթիւն եւ միջազգային ճանաչում: Անիկա Վատիկանի քարտուղարութեան հետ սերտ կապեր ունի: Դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած է աշխարհի զանազան պետութիւններու հետ դեսպաններու ու նախարարներու միջոցով: Ան ներկայացուցչութիւն ունի զանազան միջազգային կազամկերպութիւններու մէջ ինչպէս օրինակ՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ կամ Առողջապահական Համաշխարհային Կազմակերպութիւն:
Հիմնադրութենէն ի վեր պահպանած է իր ինքնիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը: Անոնք 1789-ին բռնի տարհանուած են Մալթայէն երբ Նափոլիոն Պոնաբարդ գրաւած է զայն: Ու Պապական զանազան տարածքներու վրայ գործելով ի վերջոյ 1870-ին երբ միաւորուած է Իտալիոյ թագաւորութիւնը, միաբանութիւնը կայք հաստատած է այնտեղ:
Միւս կողմէ, միաբանութեան ինքնիշխանութիւնը եւ կրօնը հիմնովին կապուած են, ինչ որ Մալթայի ասպետներուն կու տայ միջազգային ճանաչում, հետեւաբար կրնայ վարել իր բարեգործական գործունէութիւնը համաշխարհային մաշտապով:
Մալթայի ասպետներու հիմնական գործունէութիւնը բարեգործութիւնն է, որ կ'իրականացնեն աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ներառեալ թէժ գօտիները: կը Բժշկական ու մարդասիրական ծառայութիւններ մատուցելէ բացի, ասպետները կ՚օժանդակեն կարիքաւորներուն, հաշմանդամներուն եւ տարեցներուն: