image

ՄԱԿ-ը կը հետեւի Տուրովի ձերբակալութեան հոլովոյթին

ՄԱԿ-ը կը հետեւի Տուրովի ձերբակալութեան հոլովոյթին

ՄԱԿ-ի քարտուղարութիւնը կը հետեւի Թելեկրամեան ալիքի հիմնադիր Փաւել Տուրովի ձերբակալութեան հետ կապուած իրավիճակին, սակայն դեռ մեկնաբանութիւն չունի այդ առնչութեամբ:

Այդ մասին Ռիա Նովոսթիին յայտնած է կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչ Սթեֆան Տիւժարիք:

 «Մենք կը հետեւինք իրավիճակին, բայց այս պահուն մեկնաբանութիւն չունինք»- ըսած է ան։ 

Յիշեցնենք, որ Թելեկրամի հիմնադիր Փաւել Տուրով ձերբակալուած է «Լէ Պուրժէ» օդակայանին մէջ։ Ան մասնաւոր օդանաւով, ըստ աղբիւրներուն, ժամանած էր Ատրպէյճանէն։