Տակաւին մի քանի օրեր առաջ՝ 17 օգոստոսին աշխարհ նշեց Անտուն կենդանիներու պաշտպանութեան միջազգային օրը եւ երէկ՝ երկու օրեր ետք, 19 օգոստոսին աշխարհ նշեց Մարդասիրական օգնութեան համաշխարհային օրը: Կենդանիներու եւ մարդոց օգնութեան համաշխարհային օրը իրարու մօտիկ թուականներու նշուիլը զուգադիպութիւն է թէ ոչ՝ չենք գիտեր, սակայն աւելի քան երբեք վստահ ենք, որ մերօրեայ մարդը աւելի կենդանասէր է՝ քան մարդասէր: Մարդ արարածը այսօր կենդանիին հանդէպ աւելի կարեկցանք ունի՝ քան իր մերձաւոր նմանին նկատմամբ: Այս մէկը հայելին է մարդուն մարդո՛ւ հանդէպ օտարացման դժբախտ իրողութեան: Մարդ արարածի կենդանիի հանդէպ ունեցած աւելի սէրը արդիւնքն է մարդկային յարաբերութեան վատառողջ ընթացքին, որովհետեւ մարդ ինչքա՛ն եսակեդրոն կեանք մը սկսի ապրիլ՝ այնքան կը հեռանայ մարդէն, մինչեւ այն աստիճան՝ որ կը սկսի կենդանին աւելի առաջնահերթ նկատել՝ քան մարդ արարածը, որ ունի նոյն հոգին, արիւնն ու մարմինը: Այս իրողութիւնը օրէ օր աւելի կը հաստատուի եւ այսպէս կը նահանջէ ընկերութիւնը, իր դիմաց ունենալով զանազան բարդութիւններ ու մարտահրաւէրներ:
Մարդոց մէջ անխտիր կը պակսի ողորմութեան, կարեկցանքի, գութի զգացողութիւնը: Կար ժամանակ, որ կենդանիներու հանդէպ սէր ունենալը ապացոյցն էր մարդու յուզական աշխարհին, կարեկցանքին, սակայն ժամանակները այնպէս մը փոխեցին, որ կենդանիներու հանդէպ սէրը բնական, իսկ մարդոց հանդէպ սէրը «տարօրինակ» ու գրաւիչ սկսաւ թուիլ: Այսօր ականատես կ՚ըլլանք, թէ ինչպէս մարդիկ կու լան անօթեւան կենդանիներու համար, սակայն նոյն մարդիկ անտարբեր կ՚անցնին անտուն, անօթեւան եւ անօթի մարդոց քովէն. անոնց մօտ կայ կարեկցանքի անհաւասարակշիռ վիճակ մը: Այս հանգամանքը պատճառ կը դառնայ, որպէսզի մարդիկ շատ աւելի ներդրումներ կատարեն կենդանիներու բարեկեցութեան վրայ՝ քան մարդկային եւ համայնքային կեանքին:
Երբեք սխալ չհասկցուի, մենք դէմ չենք կենդանիներու բարեկեցութեան, սակայն աւելի առաջնահերթ կը նկատենք մարդ արարածը, որովհետեւ վտանգաւոր կը նկատենք մարդուն մարդէն հեռանալը, որովհետեւ աշխարհի ամենէն կարեւոր արժէքներէն մէկը մարդկային յարաբերութիւնն է, որ առջեւ կը տանի ընկերութիւնը եւ այդ ընկերութեամբ կը յառաջդիմեն նաեւ ազգերն ու պետութիւնները. մենք կը տեսնենք, որ այդ յարաբերութիւնը դէպի լաւ տանելու փոխարէն հակառակ ուղղութեամբ կը գահավիժենք եւ այդ մարդկային ամուր կապերու բացակայութիւնն է, որ կը նպաստէ չարի տարածման:
Այս անհաւասարակշիռ վիճակը կարելի է ներկայացնել հետեւեալ ձեւով. տակաւին երեք շաբաթ առաջ Աւստրալիոյ մէջ հրատարակուող «The Conversation» մամուլը հրատարակեց յօդուած մը, «11 միլիոն նիճերիացի երեխաներ սոված են» խորագրով։ Տակաւին մի քանի շաբաթներ առաջ «Անատոլու» գոծակալութիւնը լրատուութեամբ մը յայտնեց, թէ ինչպէս Պաղեստինի մէջ մանուկներ սովամահ կ՚ըլլան. կարելի է մի քանի տասնեակ լրատուութիւններ գտնել այս կապակցութեամբ. սակայն այս բոլորին դիմաց համաշխարհային մամուլի մէջ տեղ կը գտնէ հակառակ լրատուութիւններ. օրինակի համար՝ տակաւին չորս օրեր առաջ CBC լրատուական ընկերութիւնը հրապարակեց, թէ անօթեւան եւ անօթի կենդանիներուն համար մեծահարուստ մը նուիրաբերած է իր հարստութենէն մէկուկէս միլիոն ամերիկեան տոլար։ Համացանցի մէջ յայտնի «Vitalik Buterin» շաբաթ մը առաջ կենդանիներու բարեսիրական ընկերութեան մը նուիրած է 530 հազար ամերիկեան տոլար: Այս երկուքը պարզապէս մի քանին են մի քանի տասնեակ բարերարութիւններուն՝ որոնք կատարուած են անցնող շաբաթներու ընթացքին։ Եւ այս երեւոյթն է, որ մեզ կը մտահոգէ. շատերու համար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փողոցը պառկող շունը շատ աւելի կարեւոր է, քան Ափրիկէի մէկ ծայրը մեռնող անօգնական անմեղ մանուկը:
Ցաւ ի սիրտ կ՚ըսենք, որ Ամերիկայի մէջ որպէս շուն կամ կատու լոյս աշխարհ գալը աւելի բախտաւորութիւն է՝ քան Միջին Արեւելքի կամ Ափրիկէի մէջ անօգնական եւ անօթեւան ծնիլը։ Այսօր գոյութիւն ունին կենդանիներ, որոնք բազմամիլիոն մարդոցմէ շատ աւելի լաւ ու հանգիստ պայմաններու մէջ կ՚ապրին. այս երեւոյթին դիմաց կը յիշեմ մեծ բանաստեղծի «Մարդու նկատմամբ մա՛րդ եղէք մարդիկ» խօսքը, որովհետեւ այդ մարդկութիւնը կամաց կամաց կը վերանայ եւ կը վերածուի հին յիշողութեան մը: Աւելի յարմար առիթ չենք կարծեր ըլլայ խօսելու նման ընկերային հարցի մը մասին՝ քան Մարդասիրական օգնութեան համաշխարհային օրը. գիտակցութիւն պէտք է մարդոց, հասկնալու համար, որ Ափրիկէի մէջ անօթի մանուկը որպէս մարդկային արժէք աւելի նուազ չէ՛ քան եւրոպացի կամ ամերիկացի մանուկը: Այս մէկը կը խօսինք մարդկային մակարդակի վրայ. ո՜ւր մնաց կենդանին. եւրոպացի շունը Ափրիկէի կամ Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմի հետեւանքները կրող մանուկէ մը աւելի արժէքաւոր ու առաջնահերթ չի՛ կրնար ըլլալ. համաշխարհային այս օրուան առիթով մեր մաղթանքն է, որ ո՛չ մէկ մանուկ կամ մեծահասակ սովամահ ըլլայ, անօթեւան եւ անօգնական մնայ. թող մարդը լուծէ մարդուն հարցը՝ եւ ապա հետաքրքրուի կենդանիով՝ որ իր բնազդով իր մէջ ունի գոյատեւելու շնորհքը՝ աւելի քան մարդը:
Հրայր Տաղլեան
«Ժամանակ»/Պոլիս